ARS Regional Seminar June 2024

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի սեմինարը

Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ երկօրեայ սեմինար մը, 22-23 Յունիս 2024-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի «Սօսէ», Լաւալի «Շուշի», Թորոնթոյի «Ռուբինա», Գեմպրիճի «Մեղրի» եւ Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղերու ընկեր-ընկերուհիներու եւ հրաւիրեալներու:

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Ընկերուհի Մարալ Միսիրեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ, հրաւիրեց ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած ընկեր-ընկերուհիներուն, բարերարներուն եւ զոհուած մեր բոլոր նահատակներուն: Անկէ ետք ընկհ. Միսիրեան հրաւիրեց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Ժամկոչեան-Փալանճեանը ներկայացնելու ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անցնող շրջանի գործունէութիւնը, որ կ’արտացոլէր զանազան ոլորտներու մէջ կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի Արցախի տեղահան ընտանիքներուն շտապ օգնութեան կենսական դրամահաւաքը: Ընկերուհին իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ վարչութեան տարած քարոզչական աշխատանքներուն, 35-ամեակին առթիւ յայտարարուած մրցոյթներուն, Համալսարանական եւ Գոլէժի ուսանողներու կրթաթոշակներուն, Սրտէ սիրտ խմբակցութեան, Լրատուին, Տեղեկատուին, Կրթանպաստ ծրագիրներուն, Միջվարչական ժողովին, մասնաճիւղերու այցելութեան, Կայքէջի (website), անդամացանկի թուայնացման (Database), դիմատետրի (Facebook) եւ Կանչ հաղորդման (Ganch podcast) մասին: Ընկհ. Փալանճեան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս 19 Սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի պարպումէն ետք գանատահայութեան շտապ օժանդակութիւնը, որուն արդիւնքով 550,000 տոլար հանգանակուեցաւ: Ան յայտնեց նաեւ, որ շրջանս արցախահայ բազմազաւակ ընտանիքներուն համար Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրին ընթացք տալով, Ախուրիկ գիւղի 10 բնակարաններու նորոգութիւնը յանձն առաւ, որպէսզի հարազատ երդիքով մը ապահովէ արցախահայ ընտանիքներ:

Ընկհ. Մարալ Միսիրեան հրաւիրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի Շրջանի ներկայացուցիչ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանը, զեկուցելու Կեդրոնական վարչութեան միամեայլայնածաւալ գործունէութեան մասին: Ընկերուհին իր զեկոյցին սկիզբը անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովին եւ ներկայացուց միութեանս յարաբերական, նիւթական, կրթական, խնամատարական, առողջապահական, կազմակերպչական եւ քարոզչական ծրագիրները, որոնցմէ են՝ ՀՕՄ-ի Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ ծրագիրը, ՀՕՄ-ի Որբերու Ուսման ծրագիրը, ՀՕՄ-ի «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրը, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահութեան Կեդրոն-Ծննդատան յատկացումը, Ջաւախքի ծրագիրը, Ամանոր ծրագիրը, Սուրիահայ երեխաներու կաղանդչէքը, Պուլկարիոյ մանկապարտէզներու յատկացումը եւ Լիբանանահայութեան օժանդակութիւնը: Ընկերուհին տեղեկացուց նաեւ որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած 8-րդ նաւապտոյտը դէպի Հարաւային Ամերիկա բացառիկ յաջողութեամբ պսակուած է:

Սեմինարի առաջին օրուան օրակարգը կ’ ընդգրկէր երկու դասախօսութիւններ:

Առաջինը՝ «Հայ Մանուկի լեզուական զարգացումը մեր սփիւռքի բազմալեզու իրականութեան մէջ»: Դասախօսն էր տիկ. Լորի Հարպոյեան Զաքարեան, որ յատուկ մասնագիտութիւն ունի եւ կ’աշխատի խուլ եւ լսողութեան տկարութիւն ունեցող մանուկներու հետ, գրելու եւ կարդալու դժուարութիւն (dyslexia, dysorthographia) ունեցող աշակերտներու հետ, ինչպէս նաեւ ինքնափակումի իրավիճակներու ծիրէն ներս (autism spectrum disorders):

Իբրեւ խօսքի եւ լեզուի ախտաբան, դասխօսուհին իր անձնական մարտահրաւէրը կը նկատէ դաստիարակել եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ փոխանցել մեր հայ գաղութի երիտասարդութեան եւ ծնողներուն, որպէսզի միասնաբար մասնակցութիւն ունենանք մեր գեղեցիկ մայրենի լեզուն վառ պահելու մեր մանուկներուն եւ նոր սերունդին առօրեայէն ներս։

Տիկ. Լորի Հարպոյեան Զաքարեան բացատրեց, թէ ինչպէս մարդ արարածին ուղեղը ատակ է պզտիկ տարիքէն ընկալել մի քանի լեզու, միեւնոյն ժամանակ յայտնելով թէ անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն կամ ուրիշ լեզուներ խառնելը շատ բնական երեւոյթ մըն է, եւ պէտք է մանուկին հետ մայրենի լեզուով խօսիլ պզտիկ տարիքէն, ջանալով ժխտական ձեւով չըսել «հայերէ՛ն խօսէ»: Մանուկներ մի քանի լեզու խօսող ընտանիքներու մէջ մինչեւ 4-րդ դասարան պիտի ունենան նոյն բառապաշարը, որքան մէկ լեզու խօսող ընտանիքներու մէջ: Ան զգուշացուց ծնողները ելեկտրոնային գործիքներու օգտագործումէն եւ բացատրեց անոնց բացասական ազդեցութիւնը իրենց զաւակներու մտային զարգացման եւ առողջութեան վրայ:

Երկրորդ դասախօսութիւնը «The Well Spoke Women» գիրքի ներկայացումն էր: Դասախօսը՝ ընկհ. Նաթալի Կէօքշէնեան, եղած է խօսնակը քաղաքիս յայտնի վաճառանիշ կրող ընկերութիւններու, ինչպէս Hudson’s Bay Company, Winners, TD Bank, The Canadian Cancer Society, and Rexall-McKesson: Ընկհ. Նաթալին իւրայատուկ եւ հետաքրքրական ոճով ներկայացուց սոյն գրքէն օգտաշատ բաժիններ. օրինակ՝ թէ ինչպէ՛ս կիներ, գործի ասպարէզին կամ մօտիկ շրջանակին մէջ պէտք է իրենք զիրենք ներկայացնեն ինքնավստահ եւ յստակ ձեւով, ինչպէ՛ս լաւ տպաւորութիւն ձգեն հաւաքական առիթներու ընթացքին եւ այլն: Ան շատ կարեւոր խորհուրդներ տուաւ, թէ ի՛նչ ոճով եւ ի՛նչ ձայնային թոնով պէտք է խօսիլ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգել: Ան իր ներկայացումը աւելի հետաքրքրական դարձուց իր անձնական կեանքի եւ շրջանակի իրական կեանքէն օրինակներ տալով: Ան իր եզրափակեց իր ներկայացումը ըսելով, որ ինք հպարտ է ՀՕՄ-ուհի ըլլալով եւ առանց ՀՕՄ-ի աշխարհը լաւ տեղ մը պիտի չըլլար հայութեան համար: ՀՕՄ-ը հոն է, ուր կարիքը կայ, եւ միշտ մեր ժողովուրդին կողքին է:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շատ հաճելի եւ մտերմիկ խնճոյք մը, լի անակնկալներով: Կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:

Ընկերուհիները անմոռանալի ժամեր անցուցին, վայելելով Հայ կեդրոնի համեղ ճաշերը, ինչպէս նաեւ ընկ. Արեգ Գուշեանի համադրած եւ բծախնդրօրէն ընտրած հայկական երգերը:

Օրդ. Արիանա Թասլաքեան ներկայացուց կարգ մը հայկական պարերու պատմականը, պատանիներու մասնակցութեամբ ներկայացուց պարաձեւերը եւ սորվեցուց զանոնք ներկաներուն, որմէ ետք ընկերուհիներ՝ Մարալ Միսիրեան եւ Յասմիկ Բաբիսեան բացատրեցին խմբային կառուցողութեան (team building) խաղ մը, որուն մասնակցեցան բոլոր ընկերուհիները: Ամենաբարձր ու հաստատուն կառոյցը շինող խումբը նուէր ստացաւ:

Երեկոն առաւել եւս ճոխացաւ, եւ ներկաներուն ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ ընկ. Նժդեհ Պոտրումեան իր բացառիկ երգեցողութեամբ եւ երեսունէ աւելի պատանիներու ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգեր:

Սեմինարին երկրորդ օրուան յայտագիրը կ’ընդգրկէր երկու աշխատանոցներ: Առաջինը՝ «Տոկունութիւն եւ Արիութիւն», զոր ներկայացուցին ընկհ. Ալիք Ֆարրա Գիրէջեան եւ Ընկհ. Յասմիկ Ծառուկեան:

Ալիք Ֆարրան արհեստավարժ մասնագէտ է դեղագիտական ասպարէզին մէջ եւ ունի 20 տարուան փորձառութիւն: Ալիք Ֆարրա աշխատակցած է զանազան մակարդակի ղեկավարներու հետ, ներառեալ C-suite գործադիր պաշտօններ վարող անձեր, եւ իր փորձառութիւնը բաժնեկցած է անոնց հետ՝ զարգացնելու անոնց մէջ ղեկավարութման կարողութիւնները:

Իսկ ընկհ. Յասմիկ Ծառուկեան փոխ տնօրէնուհին է Թորոնթոյի Կաթողիկէ դպրոցներու խորհուրդին:

Ներկայացումը շատ հաղորդական էր եւ ընթացաւ ներկաներուն մասնակցութեամբ՝ բաց զրոյցով: Ներկայացումը հիմնուած էր գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական փորձառութեան վրայ: Աշխատանոցին հիմնական նպատակներէն մէկն էր կեանքի մէջ յաջողելու համար զարկ տալ դրական մտածելակերպին, գործնականութեան, նպատակակէտերու ճշդման, շինիչ քննադատութեան, ինքնավստահութեան, լաւատեսութեան, բարձր տրամադրութեան պահպանման, ճկունութեան, դիմադրողականութեան եւ տոկունութեան զօրացման միջոցներուն, որոնց շնորհիւ ոչ միայն անձնական կեանքի մէջ յաջողութիւն կրնանք ձեռք բերել, այլեւ գործի եւ միութենական աշխատանքներու մէջ:

Երկրորդ աշխատանոցն էր «Ներառութիւն եւ պատկանելիութիւն», զոր ներկայացուց ընկհ. Անի Հոթոյեան Ժոլի: Ընկհ. Անին արհեստավարժ հաշուագէտ է FCPA եւ կը կրէ ICD.D տիտղոսը` Haventree դրամատան տնօրէն մարմնին, ինչպէս նաեւ Ontario Shores Centre Մտային հիւանդութեանց ծառայութեան կեդրոնին:

Աշխատանոցին ընթացքին ընկհ. Անի Հոթոյեան Ժոլի բացատրեց, որ պատկանելիութեան, հաւասարութեան, բազմազանութեան, ներառման սկզբունքներու վրայ հիմնուած ընկերութեան մը մէջ կ’ապրինք: Հետեւաբար մեր կազմակերպութեան անդամներուն մօտ եւս պատկանելիութեան զգացումին պէտք է զարկ տալ: Ուստի, պէտք է ժամանակ տալ ճանչնալու, յարգելու եւ լսելու զիրար: Հարկ է աշխատանքի ընթացքին կարեւորութիւն տալ ոեւէ անձի առաջարկին, հասկնալ եւ հասկցուիլ, գաղափարները յարգել եւ մանաւանդ ազնուօրէն վարուիլ իրարու հետ: Ընկերուհին հիմնաւորելով իր խօսքերը միջոցներ առաջարկեց պատկանելութեան եւ ապահովութեան զգացումը ամրապնդելու համար մեր ընկերական շարքերուն մէջ:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր դասախօսութենէ կամ աշխատանոցէ ետք հարց-պատասխանի առիթ տրուեցաւ ընկերուհիներուն, որոնց հարցումներուն հանգամանօրէն պատասխանեցին բոլոր դասախօսները:

 

 

 

 

    back