
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը իր 10 մասնաճիւղերով 10 անկողին կը նուիրէ Հայաստանի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին
Երեւանի Թիւ 1 Հիւանդանոցին մէջ գործող՝ հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնը խիստ կարիքը ունի յատուկ հիւանդանոցի անկողիններու,
Հայրենիքի
մեծ նուիրուածութեան
եւ անձնուրաց ծառայութեան,
բուժման ենթարկուած
վիրաւոր
կամ հաշմանդամ
զինծառայողներուն
համար:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական
Վարչութիւնը աշխարհասփիւռ
իր միաւորներու
օժանդակութեամբ,
ծրագրած է 50 անկողին
նուիրել այս կեդրոնին:
ՀՕՄ-ի Գանատայի
Շրջանային Վարչութիւնը
իր 10 մասնաճիւղերով
որոշեց 10 անկողին
ապահովել վերականգնողական
կեդրոնին, որ պիտի
օժտուի արդիական
սարքերով եւ պիտի
ունենայ աշխատանոց,
ուր աշխատանքի
առիթ պիտի ունենան
հաշմանդամ զինուորները։
Առ այդ, կոչ
կ՝ուղղենք Գանատայի
տարածքին մեր անդամներուն
եւ ազգայիններուն,
օգնութեան ձեռք
երկարելու հայրենիքի
մեր սահմանները
պաշտպանող եւ ժողովուրդի
անվտանգութեան
իրենց առողջութիւնն
ու ապագան զոհաբերած
վիրաւոր եւ հաշմանդամ
զինուորներու
անմիջական օգնութեան
այս շատ կարեւոր
ծրագրին:
Ձեր նուիրատուութեան
վճարագրերը հաճեցէք
գրել ARS FOUNDATION անունին
եւ ուղարկել հետեւեալ
հասցէին՝
Armenian Relief Society of
3401 Olivar Asselin
H4J 1L5
ՀՕՄ-ի Գանատայի
Շրջանային Վարչութիւնը
կու գայ իր խորին
շնորհակալութիւնները
յայտնել բոլոր
նուիրատուներուն,
որոնք ճգնաժամային
այս օրերուն նեցուկ
կը կանգնին մեր
Հայ Զինուորին։
Հայ Օգնութեան
Միութեան
Գանատայի Շրջանային
Վարչութիւն