ARS Laval Shoushi Chapter’s Annual Bazaar 2023

ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի աւանդական դարձած տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 2 եւ Կիրակի 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի “Պարոնեան” սրահէն ներս։
Տօնավաճառի բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ 2 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Լուսին Փալանճեանի, Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հովիւ` Արժանապատիւ Տ. Յակոբ քհնյ. Գեադայեանի, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու, ՀՅԴ Լաւալի Ս. Զէյթլեան կոմիտէի ներկայացուցիչներու, Քէպէքի խորհրդարանի անդամ` Սոնա Լախոյեանի,քոյր միութիւններու վարչութեանց անդամներու եւ Հայ Օգնութեան Միութեան անդամ ընկերուհիներու։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Ալին Հատիտեան, որ յատկապէս շեշտեց, որ ամէն տարուայ նման, այս ձեռնարկի հասոյթը պիտի յատկացուի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանին։ Սակայն, բացառաբար այս տարի, հասոյթէն բաժին մը պիտի տրամադրուի Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան։ Ապա, ընկերուհին ներկայացուց այս տարուայ տօնավաճառի կնքամօր, ՀՕՄ-էն ներս երկար տարիներ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած ընկերուհի` Ազգանուշ Հատիտեանի կենսագրական գիծերը։
Ընկհ. Ազգանուշ Հատիտեան, իր կարգին, ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ձեռնարկի բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ քահանայ հօր աղօթքով եւ ՀՕՄ-ի քայլերգի երգեցողութեամբ։
Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։
Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր Համազգայինի գրատարածի կրպակը, փոքրիկներու խաղալիքներ, կաղանդի զարդեղէններ, ձեռային աշխատանքով պատրաստուած զարդեր, ուտեստեղէնի տեսականի եւ քաղցրեղէն։ Հայկական աւանդական ճաշատեսակները պատրաստուած էին ՀՕՄ-ի խոհանոցէն ներս, գլխաւորութեամբ` ընկհ. Տիգրանուհի Գէորգեանի, որ սիրայօժար կերպով ստանձնեց գործին պատասխանատուութիւնը, եւ օժանդակութեամբ միութեան անդամներու կամաւոր ծառայութեան։
Կիրակի երեկոյեան, տօնավաճառի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։ Շահող թիւերը ստացան արժէքաւոր նուէրներ։
Վարձքը կատար` բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին տօնավաճառի յաջողութեան։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան եւ քաջալերեցին այս ձեռնարկը։
ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութիւն

    back