ARS Laval “Shoushi” Chapter’s Easter Basket Sale

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղը, Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին կազմակերպեց Ծաղկազարդի իր տարեկան տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւ Լաւալի «Paroisse Bon Pasteur» եկեղեցւոյ մուտքին, կէսօրուան ժամը 12։30-էն սկսեալ։

Մասնաճիւղիս կրպակը կը բաղկանար գունագեղ հաւկիթներէ, հայկական համեղ գաթայէ, Զատկուան յատուկ քաղցրեղէնէ՝ կաթնահունց (չէօրէկ)  եւ տեսակաւոր ու զարդարուն կողովներէ։ Տօնավաճառի պատրաստութեան աշխատանքները վստահուած էին շրջանիս ժրաջան անդամներէ բաղկացած երկու յանձնախումբերու, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին յաջողութեամբ իրագործելու համար իրենց վստահուած պարտականութիւնը։

Սոյն վաճառքը արժանացաւ մեր ժողովուրդի յատուկ քաջալերանքին եւ օժանդակութեան։

    back