ARS Laval Shoushi Chapter Seminar 2026

ՀՕՄ-Ի ԼԱՒԱԼԻ «ՇՈՒՇԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԵՄԻՆԱՐ 1

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ՛ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԴ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ

 

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, 11 Ապրիլ 2026-ին, կ․ա ժամը 11:00-ին Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երջանկութեան եւ յաջողութեան ճանապարհ» սեմինարներու շարքին առաջինը՝ «Վերանորոգէ՛ Մտածելակերպդ» խորագրով, ներկայութեամբ «Շուշի» մասնաճիւղի մօտ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Քրիստին Աֆարեանի, մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու, բարեկամներու եւ հիւրերու:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ ընկհ․ Լիա Ժանգուզեան։ Ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ առաջին հերթին անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան, ապա՝ յանձնախումբի ծրագրած դասախօսութիւններուն, որոնք կը բովանդակեն առաւելաբար այժմէական նիւթեր: Բացման խօսքէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ ընկհ․ Հիլտա Լիպարեան ընթերցեց օրուան դասախօս հոգեբան Լիզա Լիպարեանի կենսագրութիւնը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու օրուան նիւթը։

Հոգեբանը իր դասախօսութեան սկիզբը բացատրութիւններ տուաւ առողջ մտածելակերպի տուեալներուն մասին, հասնելու համար երջանկութեան եւ յաջողութեան։ Ան միաժամանակ շեշտեց դրական մտածելակերպի կարեւորութիւնը՝ յաղթահարելու համար դժուարութիւները: Այնուհետեւ ներկայացուց, թէ ինչպէս որոշ մտածելակերպեր կը շեղեն մարդը տեսնելու դէպքերը այնպէս ինչպէս որ են եւ ընդգծեց, որ պէտք է գտնել այդ շեղումներուն հիմնական պատճառները, փոխել զանոնք եւ շարունակաբար պահպանել այդ փոփոխութիւնը՝ խուսափելու համար անհանգստութիւններէն, ձախորդութիններէն եւ դժբախտութիւններէն: Դասախօսութեան վերջին բաժնով, հոգեբան Լիզա Լիպարեան ներկայացուց 15 տարբեր ձեւեր մտածելակերպը վերածրագրելու համար։ Հոգեբանը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց մասնաւորաբար ընդգծելով, որ մտածողութեան փոփոխութիւնը կը սկսի փոքր գիտակցումներով, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին խորքային, կայուն եւ ինքնաբուխ փոփոխութեան:

Սեմինարի ամբողջ տեւողութեան, ներկաներուն կողմէ հոգեբանին ուղղուած զանազան հարցումները լաւագոյն փաստն էին ապացուցելու այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ ունին նիւթին նկատմամբ։ Իր կարգին, դասախօսը տրուած հարցումներուն համապատասխան բացատրութիւններ տալով լուսաբանեց բոլորին։ Իսկ անոր ներկայացուցած հետաքրքրական հարցերուն մասին մասնակիցներուն կողմէ տրուած պատասխաններու բաժնին մէջ ներգրաւուեցան բոլոր ներկաները եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուեցաւ դասախօս-սրահ ուղղակի եւ անմիջական կապ, ինչպէս նաեւ աշխուժ մասնակցութեան մթնոլորտ։

Աւարտին, սեմինարի փակումը կատարեց ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ․ Սիլվա Նազարեան, որ իր արտասանած խօսքին սկիզբը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօս հոգեբան Լիզա Լիպարեանին, ընդգծելով, որ իր ներկայացուցած կարեւոր նիւթը կը հետաքրքրէ բոլորին։ Ընկերուհին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դաստիարակչական յանձնախումբին, շնորհաւորեց անոր գործունէութիւնը, ապա, ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, նուէր մը յանձնեց օրուան դասախօս հոգեբան Լիզա Լիպարեանին՝ առ ի գնահատանք։

Ձեռնարկի ընթացքին, դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։

    back