The ARS 9th International Cruise` Destination Asia

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՕՄ-Ի 9-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ ԴԷՊԻ ԱՍԻԱ
ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Ապրիլ 17, 2026-ին, Սինկափուրէն սկիզբ առաւ ՀՕՄ-ի 9-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը՝ Royal Caribbean International-ի Ovation of the Seas նաւով, աւելի քան 410 ազգայիններու մասնակցութեամբ։ Ճամբորդութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արուս Մելքոնեանի, ԿՎ-ն նաւապտոյտի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, նաւապտոյտի յանձնախումբի ատենապետ ընկհ. Շաքէ Պասմաճեանի եւ յանձնախումբէն եօթը անդամներու։
Սինկափուրէն մեկնելէ առաջ, ՀՕՄ-ը կազմակերպած էր երկօրեայ շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին խումբը այցելեց Սինկափուրի տեսարժան վայրերը եւ ամենահին եկեղեցին՝ Armenian Church of Saint Gregory the Illuminator (հիմնուած՝ 1835-ին)։ Մասնակիցները յուզիչ պահեր ապրեցան հայկական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որ երկար ժամանակէ ի վեր այսքան մեծ թիւով հայորդիներ չէր տեսած։ Կարծես անոնք նոր շունչ մը բերած ըլլային իրենց աղօթքներով եւ շարականներով։ Ներշնչուած այս մթնոլորտէն, տեղւոյս վրայ կատարուեցան նուիրատուութիւններ՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկաներուն կողմէ։
14 օր տեւած այս անմոռանալի շրջապտոյտին ընթացքին, նաւը շրջեցաւ Խաղաղական ովկիանոսի Ասիոյ հեռաւոր շրջանի ծովափնեայ հետեւեալ տեսարժան վայրերով՝ (Singapore) – Hue / Da Nang (Vietnam) – Hong Kong, Kowloon (China) – Taipei, Keelung, (Taiwan) – Nagasaki, Kobe, Mount Fuji, Tokyo (Japan)։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նաւապտոյտի յանձնախումբը բացառիկ աշխատանք տարած էր այս նաւապտոյտը վերածելու անմոռանալի զբօսաշրջութեան մը, որ մէկտեղած էր ինը երկիրներէ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Նետըրլանտներէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Դանիայէն, հեռաւոր Աւստրալիայէն եւ Հաուայէն ժամանած հայորդիներ։ Միաժամանակ, ան ստեղծած էր յատուկ ջերմութիւն, ուրախութիւն եւ մտերմութիւն՝ իր կազմակերպած բազմաթիւ միջոցառումներուն ընդմէջէն։
Յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումը՝ ստեղծուաած ազգայնաշունչ եւ պահանջատիրական մթնոլորտով, որ կերտուեցաւ շնորհիւ՝ անզուգական երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին։ Մասնաւորաբար Ապրիլ 24-ի օրը, նաւապտոյտի խումբ մը մասնակիցներ, Թայուանի Քիլանկ քաղաքին մէջ շրջապտոյտին ընթացքին, որոշեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին լապտեր մը արձակել, մեր
ՀՕՄ-Մամլոյ Հաղորդագրութիւն թիւ 2023-2027/025 ARS – Press Release 2023-2027/025
նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու եւ վերահաստատելու յանձնառութիւնը՝ արժանապատուութեան եւ արդարութեան նկատմամբ։
Նաւապտոյտի ընթացքին, հանրածանօթ երգիչն ու իր նուագախումբը, իրենց հարուստ եւ այլազան երգացանկով, յաջողեցան ներկաներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտի հասցնել երեք խրախճանքներու ընթացքին։
Նաւապտոյտի մասնակիցները ազատ օրերուն զբաղ պահելու նպատակով՝ յանձնախումբը կազմակերպած էր պլոթի մրցաշարք մը եւ թէյասեղան մը։ Մեծ էր խանդավառութիւնը մանաւա՛նդ թէյասեղանի ձեռնարկին ուր 200 մասնակիցներ ներկայացան իրենց գեղեցիկ գլխարկներով։ Նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ՀՕՄ-ի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակիցները մօտէն ծանօթացան ՀՕՄ-ի աշխարհատարած մարդասիրական ծրագիրներուն եւ գործունէութեան։ Հաճելի էր նաեւ նաւապտոյտի ընթացքին կազմակերպուած շրջապտոյտը՝ դէպի Kobe-ի տեսարժան ու մշակութային արժէք ներկայացնող վայրերը։
Նաւապտոյտի ամբողջ տեւողութեան մասնակիցները ՀՕՄ-ի ուղղեցին գնահատանքի, երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան սրտաբուխ խօսքեր։ Շատ- շատեր փափաք յայտնեցին՝ կրկին մասնակցելու նմանօրինակ ճամբորդութեան մը եւ հետաքրքրուած էին շուտով իմանալու յառաջիկայ նաւապտոյտի վայրն ու թուականը։ Մանաւանդ գնահատելի էր ամբողջ ճամբորդութեան տեւողութեան, կատարուած քարոզչական աշխատանքը եւ օրական դրութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ հաղորդումներու տեղադրումը ընկերային ցանցի ՀՕՄ-ի զոյգ էջերուն վրայ։ Երեւոյթ մը, որուն տասնեակ հազարաւորներ առօրեայ դրութեամբ հաճոյքով հետեւեցան՝ այս կերպով ականատես ըլլալով մեր պտոյտներուն եւ հաճելի անցուդարձերուն։ Այս աշխատանքը ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարեց ՀՕՄ-ի քարոզչական յանձնախումբէն՝ ընկհ. Թամար Շահինեան։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կարեւորագոյն հասութաբեր այս նախաձեռնութեան ընթացքին առ ի գնահատանք նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝ ի նպաստ ՀՕՄ-ի մարդասիրական ծրագիրներուն։
ՀՕՄ-ը անգամ մը եւս յաջողեցաւ ի մի բերեւ եւ համախմբել հին ու նոր բարեկամներ, նոյն ընտանիքին պատկանող հարազատներ եւ ՀՕՄ-ականներ՝ ընծայելով բացառիկ առիթ մը, որպէսզի ստեղծուին նոր բարեկամութիւններ՝ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հայորդիներուն միջեւ, ոմանք՝ հայկական հարազատ միջավայրի մը կարօտով, ոմանք ալ նոր կապեր հաստատելու փափաքով։
ՀՕՄ-ի ստեղծած այս փոքրիկ հայկական համայնքին անդամները իրարու հրաժեշտ տուին Մայիս 1, 2026-ին՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

The ARS 9th International Cruise` Destination Asia
On April 17, 2026, the Armenian Relief Society’s 9th International Cruise embarked from Singapore aboard Royal Caribbean’s Ovation of the Seas, with over 410 participants. The cruise was honored by the presence of ARS Central Executive Board (CEB) Chairperson Ungh. Arousyak Melkonian, CEB’s cruise Committee representative, Ungh. Arminee Karabetian, ARS Cruise committee chairperson, ungh. Shakeh Basmajian and seven committee members.
The ARS had organized a two-day tour in Singapore before the voyage began. Participants visited the city’s landmarks and the Armenian Church of Saint Gregory the Illuminator, built in 1835. Everyone gathered beneath the church’s arches, their prayers and hymns bringing new life to a holy place that had not welcomed this many Armenians in so long. Moved by the moment, members of the ARS Central Executive and other participants made donations.
During this unforgettable 14-day journey, the ship visited picturesque destinations along the Pacific coast of Asia: Singapore, Hue and Da Nang in Vietnam, Hong Kong and Kowloon in China, Taipei and Keelung in Taiwan, and Nagasaki, Kobe, Mount Fuji, and Tokyo in Japan.
The ARS Central Executive Board’s Cruise Committee did exceptional work turning this cruise into a memorable experience, bringing Armenians together from nine countries: Eastern and Western USA, Canada, France, England, the Netherlands, Cyprus, Lebanon, Belgium, Bulgaria, Denmark, Australia, and Hawaii. The committee created a warm atmosphere of joy and friendship through the many activities it organized.
A notable commemoration dedicated to the victims of the Armenian Genocide, marked by a solemn evening through the patriotic performance of renowned singer Elie Berberian and his band. On April 24, while in Keelung, Taiwan, a group of participants gathered in solemn remembrance and released a lantern in honor of the victims of the Armenian Genocide, keeping the memory of our martyrs alive while reaffirming their commitment to dignity and justice.
Throughout the cruise, Elie Berberian and his band brought joy and excitement to the passengers with their rich, diverse music at three Kef nights.
The committee had organized a Belote competition and a tea party. Both events garnered a lot of excitement, especially the tea party, where 200 participants attended wearing unique and beautiful hats. The ARS Day event drew great interest, offering participants direct insight into the scope of ARS’s global humanitarian work and programs. Participants also enjoyed an excursion to Kobe’s scenic and cultural landmarks organized by the committee.
Throughout the cruise, participants expressed heartfelt appreciation to the ARS. Many shared their desire to participate again and were eager to know the location and date of the next cruise. The promotional work carried out throughout the journey, including the daily video updates shared on ARS’s social media pages, was greatly appreciated. Tens of thousands watched the videos, following the group’s excursions and memorable moments. This work was carried out with great dedication by Ungh. Tamar Shahinian from the ARS Public Relations Committee.
ՀՕՄ-Մամլոյ Հաղորդագրութիւն թիւ 2023-2027/025 ARS – Press Release 2023-2027/025
In appreciation of this essential fundraising initiative organized by the ARS Central Executive Board, heartfelt donations were made in support of ARS’s humanitarian programs.
The ARS once again succeeded in bringing together old and new friends, relatives, and fellow ARS members, offering Armenians from across the globe a special opportunity to form new friendships. Some with a longing for the warmth of a familiar Armenian environment, others with the desire to build new connections.
The members of this close-knit Armenian community, formed by the ARS, bid each other farewell on May 1, 2026, holding onto the hope of reuniting in the future.

ARMENIAN RELIEF SOCIETY
CENTRAL EXECUTIVE BOARD

    back