ARS Canada 21st Regional Convention – July 5-7 2013

ՀՕՄ-ի 93-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 21-րդ Պատգամաւորական ժողովը

Հայ Օգնութեան Միութեան 93-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 21-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 5, 6 եւ 7 Յուլիս 2013-ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի շրջանի 9 մասնաճիւղերուն, բանաւոր բացակայութեամբ Սէնթ Գաթրինզ «Արազ» մասնաճիւղին:

Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն ու 61 պատգամաւորներուն կողքին, սոյն պատկառելի ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թորոնթոյի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս քհն. Փանոսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան, Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի որբախնամ եւ ուսանող ծրագրի պատասխանատու ընկհ. Անահիտ Մեսրոպեան, ուղեկից կազմակերպութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ժողովի կողմէն ընտրուած հիւրեր, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ եւ մեծ թիւով ազատ ունկընդիրներ:

Յաջորդաբար հիւրեր խօսք առնելով թրուատեցին 103 ամեայ ՀՕՄ-ի տարած ազգանուէր եւ բարեսիրական հսկայական աշխատանքը: Հարկ է հոս յիշել Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեանի, ՀՕՄ-ի առաքելութեան կատարելագործման արժեւորումը որպէս պետական մէկ ամբողջութիւն:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 21-րդ պատգամաւորական ժողովի դիւանին զոյգ ատենապետներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Մարօ Ֆրունճեան եւ Զեփիւռ Տորնա, իսկ ատենադպիրներ՝ ընկերուհիներ Անի Պապիկեան եւ Արմիկ Սաֆարեան:

Ժողովի առաջին նիստէն իսկ սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառ ու կենսունակ մթնոլորտ: Ներկաները քաջ կը գիտակցէին իրենց ներկայութեան հանգամանքին ու ներդրումին կարեւորութեան: Միջավայրը ալ աւելի ոգեւորուեցաւ երբ ընկհ. Աննա Պուլկարեան յայտարարեց թէ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկհ. Ռիթա Օհանեան եւ իր զաւակները կը հաստատեն 20000 տոլարի անձեռնմխելի գումար մը, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ ողբացեալ Արսէն Օհանեանի, որմէ գոյացած եկամուտը պիտի օգտագործուի «Շրջանային վարչութեան կրթաթոշակ» ծրագրին:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան միամեայ գործունէութեան զեկոյցը:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցաւ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, կազմակերպական, յարաբերական, դաստիարակչական, կրթական, քարոզչական եւ տնտեսական մարզերէն ներս:

Ժողովի գլխաւոր օրակարգներէն էր Շրջանային վարչութեան նոր անդամներու ընտրութիւնը: Ընտրողական յանձնախումբի առաջարկած թեկնածուներու ցանկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Վերընտրելի ընկերուհիներ Սեդա Մալխասեանի (Մոնթրէալ), Անի Օհանեանի (Լաւալ), Յասմիկ Բաբիսեանի (Թորոնթօ) եւ Իռէն Թիլիմեանի (Թորոնթօ) միացան նոր ընկերուհիներ Արմինէ Կարապետեան (Մոնթրէալ), Սիլվա Գարբուզեան (Մոնթրէալ) եւ Անի Թաշճեան (Մոնթրէալ) այսպիսով ամբողջացնելու Շրջանային վարչութեան նոր կազմը: Փոխ-անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Նայիրի Ֆրունճեան (Մոնթրէալ), Նոյեմի Եաղճեան (Մոնթրէալ), Ազգանուշ Հատիտեան (Լաւալ), Արփի Աճէմեան (Թորոնթօ) եւ Մարալ Սեթեան (Թորոնթօ):

Ժողովականներու կողմէ եղան գնահատական եւ շնորհաւորական խօսքեր ընթացաւարտ վարչութեան, նորընտիր վարչութեան, ինչպէս նաեւ ժողովի դիւանին եւ յանձնախումբերուն:

Իր կարգին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան իր յառաջիկայ գործունէութեան, ապա մեծապէս գնահատեց Գանատայի շրջանը որպէս ՀՕՄ-ի լաւագոյն շրջաններէն մէկը որ միշտ պարտաճանաչ եւ անյապաղ կը գործակցի Կեդրոնական վարչութեան հետ:

ՀՅԴ Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Ճանպազեան գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ծառայութիւնը, ըսաւ թէ ՀՕՄ-ը մեղուափեթակի մը նման կը գործէ ժրաջան առաջնորդներով եւ անդամներով, անսալով իր սրբազան առաքելութեան ու նորանոր նուաճումներ մաղթեց այս կանացի մեծ կազմակերպութեան:

Եռօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովականները լիքցաւորուած նոր գաղափարներով եւ վերանորոգուած հոգիով վերադարձան իրենց մասնաճիւղերը շարունակելու իրենց վստահուած ՀՕՄ-ի Սուրբ Գործը:

2011-2013 Regional Report

    back