ARS Montreal Sosse Chapter Annual Bazaar 2021

ARS Sosse Chapter Executives with God Mother Helen Tonikian

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՕՄի Մոնթրէալի »Սօսէ» Մասնաճիւղի Տարեկան Տօնավաճառ

 

Այս տարի կրկին, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը յաջողեցաւ ձեռնարկել տարեկան աւանդական տօնավաճառին, Նոյեմբեր ամսուայ երկրորդ շաբաթավերջին, Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս:

 

Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Նոյեմբերի առաւօտեան ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Ա. քահանայ Գոյունեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ Արմինէ Կարապետեան, ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ՝ ընկհ. Անի Օհանեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Ֆլօրա Կիրակոսեան եւ վարչական ընկերուհիներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին Սէն Լորան ընտրաշրջանի դաշնակցային երեսփոխան տիկ. Մարուա Րըզքի եւ Բարք Էքսթանշըն ընտրաշրջանի քաղաքային խորհրդական ընկհ. Մարի Տէրոս:

 

«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թամար Եաղճեան բացման իր խօսքով նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերու անդամուհիներուն՝ իրենց անձնուիրութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխ աշխատանքին, ի նպաստ տօնավաճառի յաջողութեան, որ կը վայելենք միասնաբար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, օժանդակներուն եւ կամաւորներուն, որոնք կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները: Ընկերուհին դիտել տուաւ երիտասարդ ընկերուհիներու ներդրումը, որոնք փորձառու ընկերուհիներու կողքին աշխատեցան եւ սորվեցան անոնց փորձառութենէն այս հսկայ աշխատանքի ընթացքին:

 

Ապա, Գերաշնորհ Սուրէն Արք.Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ հայրական աղօթքով օրհնեց ներկաները: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու զոհաբերութեան ոգին, միշտ պատրաստ օժանդակութեան ձեռք երկարելու եւ ծառայելու հոն ուր որ հարկաւոր է:

 

Ընկհ. Եաղճեան հակիրճ ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր՝ ընկհ. Հելէն Թոնիկեանի կենսագրականն ու ՀՕՄ-ի մէջ 40 տարիներէ ի վեր իր տարած մարդասիրական աշխատանքը, ապա զայն հրաւիրեց ժապաւէնի հատումին:

Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր զանազան կրպակներ, ինչպէս՝ խոհանոցի սպասներ, հագուստեղէն, կաղանդի զարդարանքներ, կանացի զարդեղէններ, հայկական ձեռագործներ, Հայաստանեան արտադրութիւններ, մրգեղէններ եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ:

 

Տօնավաճառը իր աւարտին հասաւ վիճակահանութեան տոմսերու նուէրներուն բաշխումով:

Ինչպէս սովորոյթ է, երկօրեայ սոյն տօնավաճառի հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանին, որու համար բոլորին ճիգերը ի սպաս դրուեցան յաջողցնելու այս սրբազան նպատակը:

 

ARS Montreal «Sosse» Chapter’s Annual Bazaar 2021

This year, once again, the Armenian Relief Society Montreal “Sosse” chapter was able to hold its traditional annual bazaar, on November 13-14, 2021 at the Homenetmen Gamk “Haig Markarian” gymnasium at the Montreal Community Center. The official opening ceremony took place on the morning of Saturday, November 13, with the ARS anthem. Amongst the guests present at the opening, were His Grace Archbishop Souren Kataroyan, Father Karnig Koyounian, ARS Central Executive Board’s Canada representative ungerouhi Arminée Karabetian, ARS Canada Regional Executive Board’s chairperson ungerouhi Annie Ohanian and members, chairperson of ARS Laval “Shushi” chapter ungerouhi Flora Guiragossian as well as representatives of sister organizations, members, volunteers and friends. We also had the pleasure to have amongst us Marwah Rizqy, Member for Saint-Laurent Quebec Liberal Party and ungerouhi Mary Deros, City Councilor Ensemble Montreal.

In her opening remarks, ARS Montreal “Sosse” chapter’s chairperson ungerouhi Tamar Yaghejian, welcomed the guests, participants and volunteers. She thanked the members of the bazaar committee and the members of the social committee for their perseverance, cooperation and solidarity, which contributed to the success of the bazaar. She also thanked all the donors, sponsors and volunteers who have supported the organization’s mission throughout many years and continue to stand by the organization under the current situation. Ungerouhi Yaghejian noted the contribution of younger members who worked alongside experienced members and learned from their knowledge and skills during this tremendous task.

His Grace Archbishop Souren Kataroyan conveyed his heartfelt words and blessed those present with a fatherly prayer. The Archbishop praised the devotion and sacrifice of dedicated ARS members, always ready to lend a helping hand and serve communities in need.

Ungerouhi Yaghjian presented a brief biography of the bazaar’s godmother, ungerouhi Helen Tonikian, and congratulated her for her for her 40 years of service within the organization through her active participation within the social activities committee.

The 2021 bazaar offered a variety of homemade goods, Christmas decorations, Armenian handmade items and gifts. As every year, our volunteers and members contributed towards the preparation of traditional Armenian meals such as mante, sarma, boereg, tetoumi anoush and a variety of homemade deserts.

 


ARS Sosse Chapter Executives with God Mother Helen Tonikian

    back