ARS Sosse Chapter New Members 2021
Հաղորդագրութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւնը երկար տարիներ եղած է Հայ ժողովուրդի կողքին ի սփիւռս աշխարհի եւ որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն հաճախ սատար կանգնած է նաեւ օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններու ըստ կարիքի: Անոր հսկայ եւ բեղուն աշխատանքը բացայայտելու եւ աւելի մեծ թիւով անդամներ ներգրաւելու միտումով, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը հետեւելով Շրջանային վարչութեան ուղղութիւններուն, նախաձեռնեց « ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ ՀՐԱՒԻՐԷ» ծրագրին: Ուստի երեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր,2021-ի երեկոյեան Ս.Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս առիթ ընծայեց ոչ անդամներուն ներկայ գտնուելու մասնաճիւղի անդամական Բ. ժողովին: Ատենապետուհի՝ ընկհ. Թամար Եաղճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ներկաները մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Power Point-ով պատրաստուած մասնաճիւղին երկար տարիներու աշխատանքին եւ ձեռնարկներուն՝ ներկայացուած ընկհ. Անի Թորիկեան Պապիկեանի կողմէ: Ապա, տեղի ունեցաւ 13 նորագիրներու Երդման Արարողութիւն: Կնքամայր ընկհ. Հուրի Զաքարեան շնորհաւորեց եւ գնահատեց երդուեալ անդամները, որոնք սիրայօժար փափաքած են անդամակցիլ եւ իրենց ներդրումը բերել ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի առաքելութեան:
«Ժողովուրդիս Հետ, ժողովուրդիս համար» մեր կարգախօսը պիտի շարունակուի եւ արդիւնաբերուի մեր անդամներուն նուիրումով եւ քաջալերանքով:
“With my people, for my people”
For many years, the Armenian Relief Society has stood by the Armenian people around the world and, as a humanitarian organization, has often supported foreign charities as needed. In order to uncover its vast and prolific work and attract more members, the ARS Montreal «Sosse» chapter’s executive board, following the guidelines of ARS Canada, organized
“INVITE A FRIEND” theme night.
Therefore, on the evening of Tuesday, October 5, 2021, the non-members got the opportunity to attend the second member’s meeting of the ARS Montreal Sosse chapter, which was held in the Pasdermajian amphitheater of the Sourp Hagop Armenian school.
After the welcome speech, which was given by the chairperson, ungerouhi Tamar Yaghejian Oltaci, ungerouhi Ani Torikian Babikian presented a powerpoint describing the Montreal chapter’s many years of work, charitable social services, charitable activities as well as fundraisers, which the attendees followed with great pleasure and interest. Then, the swearing-in ceremony of 13 newcomers took place with godmother ungerouhi Houry Soghomonian Zakarian. Ungerouhi Houry congratulated the new members who eagerly wanted to join and contribute to the mission of the ARS’ extended family.
Our motto “With my people, for my people” will continue to flourish with the
dedication and encouragement of our members.