ARS Montreal Social Committee Celebrates Mothers Day

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուայ առթիւ ճաշկերոյթ, Երեքշաբթի,10 Մայիս 2022-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «ԱւետիսԱհարոնեան» սրահէն ներս:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Գերշ. Տ. Սուրէն. Սրբ. Արք. Գաթարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան:
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս տուաւ իր սրտին խօսքը. Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը, ապա բարձր գնահատեց ընկերային յանձնախումբի տարած բծախնդիր աշխատանքը: Գերշ. Տ. Սուրէն. Սրբ. Արք. Գաթարոյեան խօսք առնելով գնահատեց յանձնախումբիս տարիներու գործունէութիւնը եւ օրհնեց ճաշասեղանը:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Արմինէ Կարապետեան, ան իր սրտին խօսքը տուաւ եւ շնորհաւորեց ներկաները: Ներկայ էին նաեւ վարչական անդամ և յանձնախումբիս ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սօսի Չընկրեան եւ մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ ընկհ. Թամար Եաղըճեան. Ան շնորհաւորեց Մայրերու Տօնը և շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ միշտ կը քաջալերեն ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկները և ճաշ հաւաքոյթները, ինչպէս նաեւ գնահատեց յանձնախումբի անդամներուն զոհողութիւնն ու անսակարկ նուիրումը:
Մայրերու Տօնին առթիւ յանձնախումբս մեծարեց հետեւեալ մայրերը,
Ընկհ. Արփի Զաքարեան Հայրապետեան, Տիկին Մայտա Լափաճեան, Տիկին Արփինէ Զապունեան, Տիկին Ժերմին Ներմին Թաշճեան, Տիկին Սիրանուշ Եասա և իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ յուշատախտակներ:
Գեղարուեստական յայտագրին սիրայօժար մասնակցեցան Պրն. Պերճ Պասթաճեան ձեռնադաշնակի վրայ եւ Տիկին Լաուրա Պէրպէրեան երգեցողութեամբ ,որոնք խանդաւարեցին ներկաները:
Օրուայ ճաշը նուիրուած էր Ընկերուհի Ալիս Մարգարեանի կողմէ, իր ծնողաց յիշատակին: Յատուկ շնորհակալութիւն ընկերուհիին:
Շնորհակալութիւն նաև ընկհ. Արաքսի ֆերմանեանին, որ նուիրեց մեխակներ, որոնք նուիրեցինք բոլոր ներկաներուն:
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին այս ձեռնարկը և սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին:
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայէր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն:
The Armenian Relief Society ‘’Sosse’’ Chapter’s Social committee organized a Mother’s Day luncheon on Tuesday, May 10, 2022, in the Avedis Aharonian hall at the Armenian Community Center of Montreal.
We were honored by the presence of His Eminance Archbishop Papken Tcharian, Archbishop Souren Kataroyan, Father Hagop Yacoubian.
His Eminance Papken Tcharian gave his heartfelt appriciation to the Armenian mothers and praised the work done by the Social Committee, also Archbishop Souren Kataroyan praised the committee’s matucilous work done for years and blessed the meal served. Also was present Engerouhi Armine Garabedian, member of ARS Central Executive Board. who congratulated all the mothers and gave her best wishes for Mother’s Day and she praised the Social committee members for their devotion. The President of Montreal Sosse Chapter engerouhi Tamar Yaghejian who expressed her appriciation to the Social Committee for their continued devotion and the hard work and thanked the attendants for continuously supporting our events. Also was present our representative of the Executive Board engerouhi Sossi Chungrian.
For this occasion, we honoured five Mothers. Engerouhi Arpie Zakarian Hayrabedian, Mrs. Maida Lapadjian, Mrs. Arpine Zabounian,
Mrs. Jermin Nermin Tasciyan and Mrs. Siranoush Yasa.
Special thanks to Engerouhi Alice Markarian, who sponsored the event in loving memory of her parents.
Also thanks to Engerouhi Araxi Fermanian who donated the Carnations which were distributed to everyone.
Special thanks to Mr Berdj Bastajian who played on keyboard and Laura Berberian who sang beautiful songs.

We also would like to thank those who have generously made donations and everyone who attended the luncheon.

 

    back