ARS Toronto Wine & Cheese May 6, 2022

Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Օ.Մ.ի«Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 6 Մայիս, 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս՝ տեղի ունեցաւ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ.Անի Հոթոյեանի, վարչութեանս ատենապետ՝ Ընկհ.Մարալ Միսիրեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, Ընկերուհին ներկաներուն ծանօթացուց վարչութեան անդամներն ու յանձնախումբերը եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց մասնաճիւղիս տարած աշխատանքները, ապա խօսքը փոխանցեց՝ Ընկհ.Անի Հոթոյեանի, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ՀՕՄ-ի կառոյցն ու Շրջանային վարութեան գործունէութիւնը: Մօտաւոր 100 ընկերուհիներու եւ ՀՕՄ-ի բարեկամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ունեցանք 8 նորագրեալներ, շատ ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտով տեղի ունեցած ձեռնարկին շքեղ հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր Ընկերային յանձնախումը:

 

ARS Roubina Chapter’s executive committee organized a friendly get-together on Friday, May 6, 2022 at 8pm. The event took place at the Hallcrown and ungh. Ani Hotoyan-Joly, member of the ARS regional board, and ungh. Maral Misirian, chair of ARS Roubina Chapter, were in attendance. Ungh. Misirian gave the opening remarks and then introduced the members of the ARS Roubina executive committee, followed by a brief explanation of the work ARS Roubina has done over the last year. Ungh. Hotoyan-Joly gave a brief explanation of ARS as a whole, and the work done by the regional executive board. Around 100 ungerouhis and friends of ARS were at the event, and 8 new members joined ARS Roubina Chapter. The lovely event was organized by the ungerayin committee.

 

 

 

 

 

 

 

    back