ARS Montreal Sosse Chapter Bazaar Nov 12/13 2022

ՀՕՄի Մոնթրէալի »Սօսէ» Մասնաճիւղի Տարեկան Տօնավաճառ

« 60 ամեակ »

Տարբեր էր այս տարուայ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառը.Մասնաճիւղի 60-րդ տօնավաճառն էր այս:

Վարչութիւնն ու իր յառաջացուցած տօնավաճառի յանձնախումբը, ընկերային յանձնախումբի հետ զուգահեռ, ամիսներ առաջ արդէն իսկ սկսած էին աշխատանքի:

Երկօրեայ տօնավաճառի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,12 Նոյեմբերի առաւօտեան, Հայ Կեդրոնի Հ.Մ.Ը.Մ.-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վրդ.Եագուպեան, արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Ա. քահանայ Գոյունեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Արմինէ Կարապետեան,  ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Նելլի Համալեան Պարսէմեան եւ վարչական ընկերուհիներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էին ,Քէպէք Նահանգի խորհրդարանի անդամ տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ՝ ընկհ.Մարի Տերոս, ընկհ.Վանա Նազարեան եւ Տիկ. Էֆֆի Ճիանու.

«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Զաքարեան բացման իր խօսքով, նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերու անդամուհիներուն՝ իրենց անձնուիրութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխ աշխատանքին, ի նպաստ տօնավաճառի յաջողութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, օժանդակներուն եւ կամաւորներուն, որոնք կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները: Ընկերուհին դիտել տուաւ երիտասարդ ընկերուհիներու ներդրումը, որոնք փորձառու ընկերուհիներու կողքին աշխատեցան եւ սորվեցան անոնց փորձառութենէն այս հսկայ աշխատանքի ընթացքին: Շհորհակալական խօսք նաեւ Սբ. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն, ԳԵՄ-ի Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ ընկեր-ընկերուհիներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Կամք սկաուտներուն, որոնք նաեւ իրենց օգնութեամբ նպաստեցին մեր ծրագրին:Ընկերուհի Զաքարեան ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր ընկհ. Սիլվա Սայլիքի կենսագրականը եւ երկար տարիներու նուիրումն ու ներդրումը ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ:Ընկհ. Սայլիք եղած է ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի հիմնադիր առաջին վարչութեան անդամներէն մէկը եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է ու կը մնայ մինչեւ օրս՝ իր սիրած միութեան նպատակներուն , ապա զայն հրաւիրեց ժապաւէնի հատումին:

Գերաշնորհ Սուրէն Արք.Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ հայրական աղօթքով օրհնեց ներկաները: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու զոհաբերութեան ոգին, միշտ պատրաստ օժանդակութեան ձեռք երկարելու եւ ծառայելու հոն ուր որ հարկաւոր է: Սրբազան հօր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:

Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր զանազան կրպակներ, ինչպէս՝ հագուստեղէն, կաղանդի զարդարանքներ, կանացի զարդեղէններ, հայկական ձեռագործներ, Հայաստանեան արտադրութիւններ, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրադարանի գիրքեր, մրգեղէններ եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ:

Տօնավաճառի երկու օրերուն ընթացքին, մնայուն պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի արխիւներէն քաղուած 60 տարիներու տօնավաճառներու պատմութիւնը ներկայացնող  պատկերներ:

Ինչպէս սովորոյթ է, երկօրեայ սոյն տօնավաճառի հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանին, որուն համար բոլորին ճիգերը ի սպաս դրուեցան յաջողցնելու այս սրբազան նպատակը:

Վարձքերնիդ կատար հերոս ընկերուհիներ :

 

ARS Montreal «Sosse» Chapter’s Annual Bazaar

 

This year, once again, the Armenian Relief Society Montreal “Sosse” chapter was able to hold its traditional annual bazaar, on November 12-13, 2022 at the Homenetmen Gamk “Haig Markarian” gymnasium at the Montreal Community Center.

The official opening ceremony took place on the morning of Saturday, November 12, with the ARS anthem. Amongst the guests present at the opening, were His Grace Archbishop Souren Kataroyan, Very Rev. Hagop Yaacoubian. Father Karnig Koyounian, ARS Central Executive Board’s Canada representative ungerouhi Arminée Karabetian, ARS Canada Regional Executive Board’s chairperson ungerouhi Lucine Palandjian and members, chairperson of ARS Laval “Shushi” chapter ungerouhi Nelly Barsemian as well as representatives of sister organizations, members, volunteers and friends. We also had the pleasure to have amongst us ungerouhi Sona Lakhoyan Olivier, Member of the National Assembly of Quebec, ungerouhi Vana Nazarian, City Counselor, Côte-de-Liesse district, Effie Giannou, City counsellor, Ahuntsic-Cartierville district, and ungerouhi Mary Deros, City Councilor Ensemble Montreal.

In her opening remarks, ARS Montreal “Sosse” chapter’s chairperson ungerouhi Houry Zakarian, welcomed the guests, participants and volunteers. To commemorate the 60th anniversary of the ARS annual bazaar, ungerouhi Zakarian mentioned the hard work the ARS members have accomplished throughout the years while successfully accomplishing milestones within the Armenian Community. She thanked the elder members for devoting their time and becoming exemplary role models to the younger generation.

She thanked the members of the bazaar committee and the members of the social committee for their perseverance, cooperation and solidarity, which contributed to the success of the bazaar. Additionally, she acknowledged all the donors, sponsors and volunteers who have supported the organization’s mission throughout many years and continue to stand by the organization under the current situation. Ungerouhi Zakarian noted the contribution of younger members who worked alongside experienced members and learned from their knowledge and skills during this tremendous task.

Ungerouhi Zakarian presented a brief biography of the bazaar’s godmother, ungerouhi Sylva Sylik, who was once one of the members in our Chapter’s first executive committee in 1957, and congratulated her for over 60 years of service within the organization through her active participation.

Then, His Grace Archbishop Souren Kataroyan conveyed his heartfelt words and blessed those present with a fatherly prayer. The bishop praised the devotion and sacrifice of dedicated ARS members, always ready to lend a helping hand and serve communities in need.

The opening ceremony ended with a cutting of a cake to congratulate all members and their hard work and devotion throughout the 60 years.

The 2022 bazaar offered a variety of homemade goods, Christmas decorations, Armenian handmade items and gifts. As every year, our volunteers and members contributed towards the preparation of traditional Armenian meals such as mante, sarma, boereg, tetoumi anoush and a variety of homemade desserts. During the duration of the bazaar, we projected archived pictures of members participating who have contributed their time and skills for the preparation of the event.

As our tradition, all of the funds from the bazaar will be donated to Sourp Hagop Armenian School in Montreal.

    back