ARS Laval Shoushi Chapter Celebrates St. Vartan

 

Վարդանանց հանդիսութիւն կազմակերպութեամբ՝ Լաւալի ՀՕՄ- ի Շուշի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Ս Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբաձութեան, հինգշաբթի 16 Փետրուար 2023ի երեկոյեան ժամը 8:30ին տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Վարդանանց Յիշատակումը Պարոնեան սրահէն ներս։ Ներկայ էին Ս Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յակոբ. Քհն Գեադայեան, հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՕՄ- ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամներ, հօմուհիներ եւ համակիրներ։ Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ Նելլի Պարսեմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց ներկաներուն Վարդանանց տօնին առթիւ, ապա ներկայացուց կենսագրականը եւ հրաւիրեց օրուայ պատգամաբեր՝ Տիար Քրիստափոր Միքայէլեանը։ Ան ներկայացուց պատմականը, Վարդանի սերունդը, տիրող կացութիւնը այն տարիներուն եւ մեծ որոշումը որ պէտք էր առներ Վարդան Մամիկոնեան գիտակցելով այն իրողութեան,որ պատերազմը անհաւասար ոյժերով էր եւ մահը անխուսափելի բայց եւ այնպէս վճռական եւ կարչած իր հաւատքին գնաց առաջ եւ անմահացաւ, ահա թէ ինչու տակաւին աւելի քան 1500 տարիներ կը յիշատակենք Վարդանանց պատերազմը։Վարդանանց տօնը պահպանելով նոր սերունդին կը փոխանցենք պապերէն եկած ջահը ։ Անոր յաջորդեց ասմունք մը Ժագ Յակոբեանէն Վարդանական՝ զոր ներկայացուց ընկհ Տալիտա Պալիոզեան ։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ սարկաւագներու երրեակի, որոնք բաձառիկ երգեցողութեամբ հրամցուցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր ղեկավարութեամբ՝ Վարուժան Սրկ. Մարգարեան, Եսայի սրկ. Մանուկեան եւ Յարութ սրկ Կուլոյեան։ Ներկաները իրենց ծափողջոյններով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը գեղեցիկ յայտագրին։ Ընկհ նելլի Պարսեմեան աւարտին հրաւիրեց Տէր հօր որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը եւ պահպանիչով փակուեցաւ սոյն երեկոն։ Աւարտին հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր հօմուհիներու կողմէ։ ներկաները գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուին։

 

 

Thursday February 16 2023 the event was held to celebrate St Vartan, organized by ARS LAVAL and the Armenian Apostolic Church Sourp Kevork of Laval. This  event was held at the Armenian Community Center of Laval at Baronian Hall.

At the beginning of the event, the president of ARS LAVAL ungh Nelly Hamalian, welcomed everyone, and then presented the orator M. Christopher Milkaelian to give a speech about the Saint Vartan, using audio visual means.

Then ungh Dalida presented a poem written by Jack Hagopianwhich was then followed by a performance from 3 members of the Church’s choir of 4 well known Armenian songs.

At the end of the event, a delicious reception was prepared by the ARS LAVAL members.

    back