ARS Laval Shoushi Chapter Celebrates 30th Anniversary

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Լաւալի մէջ նշուեցաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեայ յոբելեանը
Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, իրիկուան ժամը 6:00-ին, Լաւալի Centre Arménie-ի մէջ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեակի նշում, կնքամայրութեան տիկ. Մանան Ապրաքեանի, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրիի ներկայացուցիչ Կարին Սահակեանի, Քեպէգի նահանգային Խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեանի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու եւ համակիրներու:
Բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեր ժողովուրդի բոլոր զոհերուն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ուհիներուն:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Նելլի Համալեան, որ նշեց, թէ Լաւալի այս մասնաճիւղին հիմնումը կը զուգադիպէր Շուշիի ազատագրման, այդ պատճառով ալ անուանուած է «Շուշի» մասնաճիւղ: Ան յայտնեց. «Յանձնախումբս, որ ամիսներ առաջ կազմուեցաւ, պատրաստուեցաւ մասնաճիւղիս 30-ամեակը տօնել մեծ շուքով, սակայն դժբախտաբար աշխարհաքաղաքական ճղճիմ շահերու հետեւանքով, այսօր արցախցիք, որոնք կ՚ուզեն խաղաղ ապրիլ իրենց պապենական հողին վրայ, ոչ միայն զրկուած են այդ իրաւունքէն, այլ բռնագաղթի ենթարկուած: Հետեւաբար, ի տես այս ցաւալի ու անմարդկային իրադարձութիւններուն, զանց առինք բոլոր ցուցական բնոյթ ունեցող ծախսերը եւ որոշեցինք համեստաբար նշել մասնաճիւղիս տարեդարձը, որպէսզի առաւելագոյն գումարը փոխանցենք արցախցի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն»:

Ողջոյնի խօսք փոխանցեց Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ալին Աւագեան Հատիտեան, որ ըսաւ. «Վստահ եղէք, թէ կը ցանկայինք այս ձեռնարկի հասոյթը յատկացնել մեր ամբողջական եւ միասնական հայրենիքի զարգացման, հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ազգին ու մեր գաղութին բարօրութեան: Սակայն դժբախտաբար վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին ազգովին ապրեցանք եւ դեռ կ՚ապրինք դժուար եւ ցաւոտ օրեր. արցախահայը ի գին բոլոր զոհողութիւններու կառչած մնաց իր մայրենի հողին, սակայն Սեպտեմբերի պատերազմէն ետք բռնագաղթուեցաւ իր հազարամեայ հայրենի բնօրանէն: Այս ճակատագրական օրերուն, որպէս հայեր եւ ՀՕՄ-ուհիներ, պարտաւոր ենք մեր ուղղութիւնը կեդրոնացնելու լայնածաւալ մեր աշխատանքներուն՝ հասնելու արցախահայութեան կարիքներուն»:

Սրբազան Հօր ճաշի օրհնութեամբ բացումը կատարուեցաւ ճաշկերոյթին, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը մասնաճիւղին գործունէութեան մասին վերջին հնգամեայ արտասովոր պայմաններուն մէջ, ինչպիսին էին թագաժահրը, Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, Սուրիոյ շարունակուող պատերազմն ու երկրաշարժը, Արցախի պատերազմն ու բռնագաղթը: Տեսերիզը կը կրէր «Տագնապալի տարիներ» խորագիրը եւ սիրայօժար կերպով պատրաստուած էր ընկհ. Թամար Փօլատեանի կողմէ:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան ընկհ. Տալիտա Պալիոզեան, որ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Այս քոյրերը» ՀՕՄ-ուհիներուն նուիրուած քերթուածը, ապա Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Դպրաց դասի քառեակին կողմէ ներկայացուեցաւ «Ի բիւր ձայնից» եւ «Հոռովելներ Ղարաբաղի» կտորները, կատարողութեամբ Վարուժան Մարգարեանի, Տիգրան Քեպապճեանի, Արամ Քեպապճեանի եւ Յարութիւն Կիւլոյեանի:
Գնահատանքի յուշատախտակներ նուիրուեցան մասնաճիւղին հիմնադիր վարչութեան երկու երիցագոյն անդամներուն՝ ընկհ. Շուշան Աճեմեանի եւ ընկհ. Անահիտ Մինասեանի, հիմնադրութենէն մինչեւ օրս անոնց անսակարկ նուիրումին առ ի գնահատանք, ձեռամբ մասնաճիւղի ատենապետին:

Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն 30 ընկերուհիներու կողմէ, որպէս խորհրդանիշ մասնաճիւղի բարգաւաճման եւ ծաղկման, ապա՝ ջահի փոխանցում երիցագոյն ընկերուհի Ալպերա Սիուֆիի կողմէ կրստերագոյն ընկերուհի Թալին Խաշընձեանի:

Գնահատական խօսքով հանդէս եկան Քեպէգի նահանգային Խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան եւ Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեան, որոնք բարձր գնահատեցին մասնաճիւղին տարած աշխատանքն ու ուժ եւ կորով մաղթեցին ժրաջան ընկերուհիներուն: Անկէ ետք օրուան հանդիսավարը ներկայացուց օրուան նախագահ ընկհ. Մանան Ապրաքեանը, որմէ ետք ան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով:

Բանախօսութիւնը վստահուած էր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Յոռետեսութեամբ պիտի չուզեմ սկսիլ խօսքս, երբ այսօրուան առիթը միայն լաւատեսութիւն ու յոյս ներշնչող է։ Սակայն երբ մասնաճիւղը մկրտուած է «Շուշի» անունով, ու անոր հիմնադրութիւնը յաջորդած է մեր պատմութեան ամենայատկանշական յաղթանակներէն՝ Շուշիի ազատագրման, հետեւաբար կարելի պիտի չըլլայ անջատել զոյգ առանցքները իրարմէ։ «Շուշի» մասնաճիւղը 30 տարեկան է, եւ երբ ընկերուհիները լծուած էին այս ձեռնարկի պատրաստութեան աշխատանքներուն, մենք կորսնցուցինք Արցախը, որուն ազատագրումը կրցած էինք վայելել նոյնպէս 30 տարի։ 30 տարի առաջ, երբ ազգովին մեր յաղթանակով հպարտ, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ Շուշի կ՚անուանկոչէինք մեր նորածին դուստրերը կամ միութիւններու նորաստեղծ մասնաճիւղերը, որպէս նոր կեանքի ու նոր յոյսի խորհրդանիշ, այսօր 30 տարի ետք ո՛չ միայն Շուշի անունը, այլ նաեւ Մարտակերտ, Գանձասար, Ամարաս ու անվերջ տեղանուններու շարքը սկսաւ մեր ականջին լսուիլ որպէս Վան, Կարս, Անի ու Մուշ… նոյն կարօտով, սակայն տարբեր արձագանգով։ Այս անունները այսուհետեւ, մեր ականջներուն մէջ տեւաբար արձագանգելով մեզ անընդհատ կը յուշեն յաւելեալ պատասխանատուութիւն, կրկնակի յանձնառութիւն ու պայքարի նոր հանգրուան սկսելու պարտաւորութիւն…»: Ապա բնութագրելով ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը յայտնեց. «ՀՕՄ-ուհին ոչ միայն հոգատար մայր, գթասիրտ քոյր, օրինակելի դուստր, դաստիարակ ուսուցիչ ու նուիրեալ խնամատար է, որ իր գործունէութիւնը սահմանափակուի միայն դաստիարակչական ու բարեսիրական ոլորտներուն մէջ։ ՀՕՄ-ուհին այսօր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ միջազգայնօրէն ամրագրուած սկզբունքներու եւ արժէքներու պաշտպան է։ Ան ամէն տեղ է ազգային, եկեղեցական, կազմակերպական, քաղաքական ու նոյնիսկ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ։ ՀՕՄ-ը կը ղեկավարէ ու կը հովանաւորէ ոչ միայն իր հաստատած որբանոցներն ու ծերանոցները, միօրեայ թէ ամէնօրեայ վարժարանները, ծաղկոցներ կամ մանկապարտէզներ, այլ ներկայութիւն է նոյնիսկ ՄԱԿ-ի մէջ, ուր Միջազգային այլ հեղինակաւոր կառոյցներու կողքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ անկաշկանդ ու ապահով ընկերութեան մը մէջ ժողովուրդին արժանապատիւ կեանք ապահովելու ու խաղաղութեան հաստատման ձգտող զանազան նախաձեռնութիւններու», ապա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Եզրափակելու համար, այսօր հակառակ, որ մենք չունինք Շուշի քաղաքը, սակայն անիկա մեր սրտերուն մէջն է, ոչ միայն որպէս մեր ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ, այլ «վաղ թէ ուշ» հոն վերադառնալու կամք դրսեւորելու յանձնառութեան կռուան։ Շուշին չունինք բայց ունինք մեր Շուշիները, ունինք մեր «Շուշի» մասնաճիւղը, որ կանացի արգասաբեր ու խոհեմ երեսնամեայ տարիքին է, եւ որուն առջեւ տակաւին բաց են լայն հորիզոններն ու կանաչ ճանապարհները։ Վարձքը կատար բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն, վարձքը կատար ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի ժրաջան անդամուհիներուն, մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, նաեւ տակաւին բեղուն գործունէութիւն ծաւալող բոլոր ընկերուհիներուն։ Շնորհաւոր ձեր 30-ամեակը»:

Խօսք առաւ նաեւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Փալանճեան, որ յիշեց. «Դոյզն անգամ չենք կասկածիր, որ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ընկերուհիները յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը միեւնոյն յանձնառութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ կամքի զօրութեամբ: Այսօր ժողովուրդիս, յատկապէս Արցախի բազմաչարչար մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն բազմապիսի կարիքներուն հասնելու եւ անոնց ցաւերը գէթ մասամբ ամոքելու նպատակաւ «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը յայտարարած է այս տօնակատարութեան հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրաբերել արցախահայութեան: Մեզի համար չկայ ասկէ աւելի գեղեցիկ եւ ասկէ աւելի ազնիւ որոշում: Սիրելի՛ վարչութիւն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ, դուք ձեր այս որոշումով կ՚արժանանաք մեր բոլորին բարձր գնահատանքին»: Անկէ ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ մասնաճիւղին գործունէութեան 30 տարիներուն ընթացքին վարչութեան ատենապետի պաշտօն վարած ընկերուհիներուն ձեռամբ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Ինչպէս որ քիչ առաջ երիցագոյն ընկերուհին ջահը փոխանցեց կրտսերագոյն ընկերուհիին, նոյնպէս մենք բոլոր մակարդակներու վրայ պէտք է կամքի, ուժի եւ կորովի ջահը փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն. այդ ջահը փոխանցելու պարտականութիւնը մե՛րն է. մենք այսօր ժամանակաւորապէս պարտուած ենք, բայց երբ պարտութիւն կայ, կայ նաեւ յաղթանակ. մենք կը նայինք յաղթանակին, մենք կը նայինք կեանքին ու կը շարունակենք մեր պայքարը, որպէսզի վերստին տիանանք ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի», ապա «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը:
Նշենք, որ տեղւոյն վրայ հանգանակուեցաւ 31,000 տոլար, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի արցախահայութեան:

ՀՈՐԻԶՈՆ
Լուսանկարները՝ Յովիկ Դանիէլեանի

 

 

 

 

 

 

 

    back