ARS Laval Shoushi Requiem Mass February 25, 2024
Կիրակի, 25 Փետրուար 2024-ին, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի անդամ` մեզմէ յաւէտ բաժնուած ննջեցեալներու յիշատակին։
Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ` ընկհ. Արփի Սանոսեանը, Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութեան կազմը, մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներ, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Մասնաճիւղին կողմէ ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջնորդեցին ընկերուհիներ Անի Տիվարչին եւ Ծովիկ Կուտեանը։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները համախմբուեցան Լաւալի Հայ Կեդրոնի “Պարոնեան” սրահէն ներս։
Այս առիթով յատուկ տեսերիզ մը պատրաստուած էր, որ շարունակաբար ցուցադրուեցաւ սրահի պաստառին վրայ, յիշատակելու համար “Շուշի” մասնաճիւղին անդամակցած բոլոր ննջեցեալներու անունները։
ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Ալին Հատիտեանը, խօսք առնելով, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն ննջեցեալ անդամուհիներուն, որոնք հաւատացած են ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ իրենց ներդրումը ունեցած են անոր ծրագիրներու իրականացման։ Ապա, օրուան պատարագիչը` Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը կատարեց հոգեճաշի օրհնութիւնը, որ հրամցուեցաւ բոլոր ներկաներուն։
Հոգեճաշը նուիրուած էր ընկհ. Մանան Ապրաքեանի կողմէ (պատրաստուած` ընկերուհիներ Մանան Ապրաքեանի եւ Տիգրանուհի Գէորգեանի կողմէ)։
Յարգանք` մեր բոլոր ննջեցեալ ընկերուհիներու յիշատակին, որոնք ՀՕՄ- ի հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ, բոլորանուէր սիրով եւ անձնուիրութեամբ ծառայած են կանացի մեր մեծ կազմակերպութեան։
Կը հաւատանք, որ ապագայ սերունդները, հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն ՀՕՄ-ի սուրբ գործը։
Խունկ եւ աղօթք` մեր բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն։
On Sunday, February 25, 2024 at Laval’s Sourp Kevork Church after the Holy Liturgy, a memorial service was held in the memory of the founders, benefactors of ARS and members of the Laval Shoushi branch, in memory of those who were forever separated from us.
Present at the memorial service was Ungerouhi Arpie Sanosian of the ARS Canada Executive branch as well as members of ARS Laval and supporters
Ungerouhi Annie Divarci and Ungerouhi Dzovig Goudian led the wreath to the altar in memory of their mother and for all the Ungerouhis who have left us in the past year.
After the church commemoration all were welcomed to lunch at Baronian Hall in the Laval community centre. On this occasion a special video was prepared, which continuously showed all the names of the deceased members of ARS Shoushi Laval.
Aline Hadidian, President of the executive committee of Shoushi Laval expressed her gratitude for all the members who have passed away and believed in the mission of ARS and contributed to the implementation of its programs. Then Der Hagop Vartabet Yacoubian performed the blessing of the meal which was donated by Ungerouhi Manan Abrakian and prepared by Ungerouhis Manan Abrakian and Dikranouhie Kevorkian.
We honor the memory of all our fallen benefactors and members who have served the organization with self sacrificing love and dedication since the founding of ARS in 1910.
May God bless their souls
Video prepared in honor of the departed :
https://www.facebook.com/shoushilaval/videos/7861478193880865
back