ARS Canada Dr. Harboyan’s Book Launch Held on Mar 21, 2024
Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը:
Բացումը կատարեց «Դէմքեր» թատերախումբը, որ հանդէս եկաւ բժիշկ Հարպոյեանի գիրքէն քաղուած, երրորդ դարուն ապրած Աղուիթա իշխանուհիին մասին, ինչպէս նաեւ պատմութեան ընթացքին հայ կնոջ եւ հայ բժշկուհիներուն մասին եղած վկայութիւններու ներկայացմամբ: Նշենք, որ նշեալ ներկայացման մշակումն ու բեմադրութիւնը կատարած էր Նանսի Իսսա Թորոսեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ շնորհանդէսը կազմակերպող յանձնախումբի ատենապետ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեան, որ ըսաւ. «Ստանձնելով գիրքին հովանաւորութիւնը, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը իրականացուց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 26-րդ Պատգամաւորական ժողովի մարդասիրական եւ ազգօգուտ բանաձեւերէն մէկը եւ քայլ մը առաջ երթալով, ահա այսօր կուգայ մեր ժողովուրդին հետ բաժնելու Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին խումբ մը հայ բժշկուհիներու կեանքն ու անոնց անսակարկ նուիրումը եւ մատուցած ծառայութիւնները հանդէպ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան»: Ապա ընկերուհին ընթերցեց գիրքը ներկայացնող Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանի հակիրճ կենսագրականը:
Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը լոյս տեսած է Մոնթրէալի մէջ, 2023-ին, մեկենասութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Բժիշկ Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Գանատայի ՀՕՄ-ին, ինչպէս ինք կը յիշատակէ իր ներածականին մէջ՝ “Նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններուն եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին”»:
Թիթիզեան յայտնեց, թէ «Գիրքը կը բաղկանայ 213 էջերէ, կողքին նկարը կը կազմեն գիրքին մէջ տեղ գտած 56 բժշկուհիներէն տասը հատին նկարները՝ իրարու կցուած: Գիրքը կը սկսի Ժամագիրքէն բժշկութեան աղօթքով: Բովանդակութենէն ետք կայ բժիշկին գրիչով ներածականը, ապա ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան խօսքը գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Գիրքը կը բաժնուի երկու գլուխներու. առաջինը՝ Անուանի հայ բժշկուհիներ, իսկ երկրորդը՝ Աքսորեալ հայ բժշկուհիներ: Առաջինին մէջ ներառնուած են 43 բժշկուհիներ, իսկ երկրորդին՝ 13, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ մականուններու այբբենական շարքով: Հարպոյեան կը յիշէ, թէ Այս հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է մտաւորական իր բարեկամը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան»:
Horizon Weekly Newspaper
Գիրքի ներկայացման ընթացքին սահիկներով նկարներու ցուցադրութեամբ, Թիթիզեան ժամանակագրական կարգով անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը ուշագրաւ բժկուհիներու կենսագրականին, կարգ մը իրագործումներուն եւ անոնց տարած հայրենանպաստ ու հայանպաստ գործունէութեանց, ան յիշեց Աղուիթա իշխանուհին, առաջին Հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժ Սահակդուխտը, Ռուբինեանց տոհմին առաջին թագաւոր Լեւոն Մեծագործի դուստր Զապէլ իշխանուհին եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ անոր կառուցած աշխարհի առաջին բարեգործական հիւանդանոցը, Օսմանեան կայսրութեան առաջին կին բժշկուհի Զարուհի Գաւալճեանը, յեղափոխական գործիչ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինա Օհանջանեանը, որ կատարած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի կինը՝ բժշկուհի Կատարինա Զալեանը, ազգային գործիչ Վահան Փափազեանի (Կոմս) կինը Հեղուշ Փափազեան, որուն անունով անուանակոչուած է Լեռնալիբանանի Ռաուտա շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, Քարոլան Աբրահամեան Նաճարեանը, որ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նուիրած է երկու շէնք, եւ որ անոնցմէ մէկը կոչուած է տէր եւ տիկին Նաճարեաններու անունով: Ապա գիրքին երկրորդ մասէն յիշեց աքսորեալ բժշկուհիներ Հայկանդուխտ Պահլաւունին, Վահանդուխտ Կանայեանը եւ Մարօ Մուրատեանը, որոնք «Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն,- կ’ըսէ բժիշկ Հարպոյեան իր Ներածականին մէջ,- ենթարկուած են բռնադատումներու, վարկաբեկումի, ձերբակալումի, բանտարկութեան եւ աքսորի: … Դատապարտուած եւ աքսորուած բժշկուհիները «վայելած են» սիպերեան աքսորի դաժան կեանքը, ենթարկուած են հոգեկան, մարմնական եւ մտային ճնշումներու եւ ստրկութեան: Սակայն բոլորն ալ, իրենց տոկունութեամբ, Նոյի համբերութեամբ եւ հայ կնոջ վայել պատուախնդրութեամբ ու հայրենասիրական ոգիով, դիմագրաւած են աքսորի դժոխային պայմանները, պայքարած են յարատեւ, եղած են իրապաշտ եւ լաւատես ու սպասած են արդարութեան լուսաբացին: Անոնցմէ շատեր աքսորի մէջ ուսանած են, իբրեւ բժիշկ ծառայած են մարդկութեան համաձայն իրենց տուած Հիփոկրատեան ուխտին: Ազատագրուելէ եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, անոնք շարունակած են իրենց բժշկական-առողջապահական ծառայութիւնը ի սպաս դնել Հայ ժողովուրդի առողջապահութեան, հիւանդ հայ մարդուն ցաւը փարատելու եւ հիւանդ հայը բուժելու»:
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Եսենիա Քելլէեան, որ այժմ կը յաճախէ Պուա Տը Պուլոն քոլէժը եւ կը հետեւի ընկերային ուսմանց, առաւել անդամ է «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմին, ընթերցեց բժիշկ Հարպոյեանի գիրքէն բժշկուհի Ելենա Բոննէր Ալիխանեանի կենսագրականէն հատուած մը:
Անկէ ետք Թիթիզեան ընթերցեց բժիշկ Հարպոյեանի հակիրճ կենսագրականը, սահիկներով ցուցադրելով բժիշկին կեանքի տարբեր հանգրուաններէն լուսանկարներ, ապա հրաւիրեց բժիշկը բեմ:
Թիթիզեան բժիշկ Հարպոյեանի հետ զրոյցով մը հանդէս եկաւ, որուն ընթացքին բժիշկ Հարպոյեան պատասխանեց զրուցավարին հարցումներուն եւ անդրադարձաւ գիրքը հրատարակելու իր տուեալներուն, գիրքին յաջորդ հատորի մը պատրաստման հաւանականութեան, գիրքին մէջ յիշուած չափազանց հետաքրքրական դէմքերէն Արմինա Նալպանտեանի կենսագրականին, որուն մասին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Արցախի մէջ ռազմաճակատի զինուորները խնամելու ու երբեմն նոյնիսկ զէնք վերցնելու ու հայ զինուորին հետ կողք կողքի կռիւ մղելուն մասին, բժշկուհի Բիւրակն Իշխանեանի ԼիտերատուրեԽչանգե միջազգային փառատօնին (Յունիս 2023) Արցախի շրջափակման մասին իր ունեցած ելոյթին, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ անոր տեսերիզը: Բժիշկը այս ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ աքսորեալ բժշկուհիներուն, գիրքին համար իր օգտագործած աղբիւրներուն, ապա իր հրատարակելիք յաջորդ գիրքերուն մասին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեանի, ապա բժիշկ Հարպոյեանի շնորհակալական խօսքերով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
back