ARS Toronto Roubina Chapter Organized Informative Session on Alzheimer & Dimentia
Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն՝ Alzheimer’s disease & dementia: Essentials for patients and caregivers
By ungh. Dr. Ani Hasserjian
Ալզայմըր (Alzheimer’s) հիւանդութիւնը ընդհանրապէս տարեցներու մօտ պատահած մոռացկոտութիւնն է։ Ան ծերութեան մէջ պատահած ընդհանուր հաւաքական մոռացութեան՝ մտագարութեան (Dementia) մէկ տարբերակն է։
Ալզայմըրը կը յատկանշուի ուղեղի հիւսուածքներու մէջ պէթա օսլայածնական սպիտ (beta amyloid albumin) պարունակող ուղեղային կոյտերու յառաջացումով նաեւ այլ տեսակ Albumin-է կազմուած թելերու խմբաւորումով, որ տարիքի բերումով քիչ մը բնական երեւոյթ է, սակայն անոնց չափազանց կուտակումը հանգոյցներով, կը յառաջացնէ Ալզայմըր hիւանդութիւնը։
Այդ անբնական թնճուկները արգելք կը հանդիսանան ներուղեղային հաղորդակցութեան, եւ բջիջներուն միջեւ կապերու խախտումով ենթական կ՚ունենայ մոռացութիւն, որ կ՚առաջնորդէ նաեւ գործելու անկարողութեան։
Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ տղամարդոց բաղդատած՝ կիները մօտաւորապէս կրկնակի անգամ կ’ունենան Ալզայմըր հիւանդութիւնը, որ կը համարուի մտագարութեան ամէնէն տարածուած տեսակը. հիմնական պատճառն այն է, որ կանայք աւելի երկարակեաց են, իսկ ծերութիւնը այս հիւանդութեան ամէնէն մեծ պատճառն է: Հիւանդութեան ախտաճանաչումը (diagnosis) դիւրին եւ բացայայտ է, չափազանց մոռացկոտութեամբ, մանաւանդ մօտաւոր անցեալի հարցերուն նկատմամբ, որոնց կ’ուղեկցին այլ ախտանշաններ (signs & symptoms), ինչպէս շարունակական կրկնուող հարցումներ, տարօրինակ գաղափարներ, սխալ եւ անտեղի զգացողութիւն եւ արտայայտութիւններ եւ այլն…
Ալզայմըր հիւանդութիւնը ներկայիս վերջնական ու հիմնական դարմանում չունի, սակայն որոշ դեղեր մասամբ կ՚օգնեն եւ կը բարելաւեն մոռացութիւնը։ Մեծ աշխատանք կը տարուի դարմանումներ գտնելու ուղղութեամբ։
Փաստուած է` աշխոյժ տարեցներ աւելի նուազ հաւանականութիւն կ՚ունենան Ալզայմըրով տառապելու։
Մարզանք, առողջ սնունդ եւ զգաստ ապրելակերպ ունենալու կողքին, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ որոշ չափով կարելի է կանխարգիլել Ալզայմըր հիւանդութիւնը:
Այս նկատողութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը որպէս մարդասիրական, ընկերային, առողջապահական գործունէութիւններու յառաջատար կազմակերպութիւն, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանրային դասախօսութիւն մը (անգլերէնով)՝ Alzheimer’s Disease and Dementia: Essentials for Patients
and Caregivers նիւթով, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ի հետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ։
Դասախօսական ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեանը,ՀՕՄ-ականներ, համակիրներ եւ ամէն տարիքի հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեանը։ Ան նշեց ՀՕՄ-ի դերակատարութիւնը հայապահպանութեան տարաբնոյթ գործունէութեան, մասնաւորաբար առողջապահական-դաստիարակչական նիւթերու առնչութեամբ:
Ապա ան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ տոքթ. Հրակ Համպոյեանը (ընտանեկան ընդհանուր բժիշկ եւ տարեցներու մասնագետ, MD & GERIATRICS): Ան Medical Director-ի պաշտօնը կը կատարէ Թորոնթոյի 20 Senior Homes -երու մէջ իր բազմակողմանի մասնագիտական փորձառութեամբ։
Տոքթ. Համպոյեան հետաքրքրական մօտեցումով խօսեցաւ Dementia-ի (թուլամտութեան) 4 տեսակ հիւանդութիւններու մասին, մանրամասնելով Ալզայմըրը, որովհետեւ տարիքի բերումով ընդհանրապէս ամենէն շատ պատահած տեսակն է։
Ան բացատրեց՝ ֆիզիքապէս ուղեղի մէջ եղած փոփոխութիւններու արդիւնքով, ինչպէս անհատը մոռացկոտութիւն եւ նկարագրի փոփոխութիւն ունենալով անկարող կը դառնայ։
Իր պատգամին կարեւորագոյն բաժինն էր՝ կարելի եղած չափով նուազեցնել Ալզայմըրի հաւանականութիւնը եւ կանխարգիլել հետեւեալ ձեւերով՝
1. Մարզանք ընել հետեւողականօրէն։
2. Ընկերային կեանք ունենալ միշտ հաղորդակցութեան մէջ մնալով բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու հետ։
3. Մտային մարզանք ընել կարդալով եւ զանազան խաղեր խաղալով։
4. Վստահ ըլլալ թէ լսողութիւնը լաւ է, եթէ հարկ ըլլայ լսողութեան քննութիւն ունենալ։
5. Առողջութեան կարեւորութիւն տալ։
6. Չծխել։
7. Զգուշանալ հոգեկան ընկճում եւ վհատութիւն (depression) ունենալէ:
8. Զգուշանալ գլուխը վիրաւորելէ։
9. Զգուշանալ չափազանց ոգելից ըմպելիքի գործածութենէն։
10. Առողջ սննդականոն ունենալ։
Տոքթ. Համպոյեանը նկատի ունենալով մոռացկոտութենէ տառապողներու ընտանեկան պարագաներու հոգատարութիւնը, հետեւեալ թելադրութիւնները ըրաւ.
1. Հիւանդին ուշադրութիւնը գրաւել անունը տալով եւ աչքերուն նայելով։
2. Հստակ եւ դանդաղ խօսիլ։
3. Հարցնել դիւրիւն հարցումներ, որոնց պատասխանը «այո» կամ «ոչ» է։
4. Շուարած անձերուն հաւաստիացում տալ։
5. Անցեալի ուրախ յիշատակներու մասին խօսիլ։
6. Ուշադրութիւն դարձնել եւ շարժումներով բացատրութիւններ տալ։
7. Պարզացնել եւ յարգալիր վերաբերմունքով բացատրութիւններ տալ։
8. Կատակներով դրական մթնոլորտ ստեղծել։
9. Համբերատար ըլլալ, եթէ նոյնիսկ կրկնակի խօսակցութեամբ կ’արտայայտուի անձը:
10. Խօսակցութեան նիւթը փոխել, երբ ընկալումը նուազի եւ զգացական վերաբերմունքով ներգրաւել ուշադրութիւնը:
Տոքթ.Համպոյեանը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Ալզայմըրի խնամք Հայաստան (Alzheimer’s Care Armenia) կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։ Ան իր յաճախակի այցելութիւններով, որպէս վարչական անդամ, ներդրում կ’ունենայ զգաստացնելու Ալզայմըրի ախտաճանաչման կարեւորութեան եւ Memory Café-ներու ծրագիրներու կապակցութեամբ։
Դասախօսութեան վերջաւորութեան եղաւ hարց-պատասխանի պահ եւ ներկաներէն շատեր իրենց յուզող հարցումներ ըրին եւ հոգեպարար պատասխաններ ստացան:
Alzheimer’s Society of Toronto Free Counselling, Free Support and Free Education www.alz.to բացատրողական դաստիարակչական բացիկներ բաժնուեցան ներկաներուն։
Փակման խօսքը ըրաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս խիստ շահեկան դասախօսութեան մասին, ի մասնաւորի ընտանեկան պարագաներուն խնամքի ցուցմունքներու կապակցութեամբ։
Ապա Անի Հոթոյեան-Ճոլի եւ Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Անի Հասըրճեան երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով Սքաութ Թիւֆենքճեանի There Is Only the Earth («Միայն աշխարհը կայ») պատկերազարդ գիրքը՝ որպէս յուշանուէր յանձնեցին տոքթ. Հրակ Համպոյեանին։
Alzheimer’s Disease and Dementia
Insights from Dr. Herag Hamboyan’s Presentation
By Sarin Poladian-Apigian
On April 7, 2024, the Armenian Relief Society (ARS) Toronto “Roubina” Chapter’s Educational Committee organized an enlightening presentation on Alzheimer’s disease and dementia, presented by Dr. Herag Hamboyan. Among the attendees were ARS Canada member and “Roubina” Chapter’s representative Ungh. Maral Missirian.
Sarin Poladian-Apigian, the event’s master of ceremonies, commenced the event with opening remarks, highlighting ARS’s commitment to humanitarian aid services and the preservation of Armenian heritage and culture. In addition to many endeavors, ARS is dedicated to nurturing educational initiatives within our community to raise awareness about health-related topics. She then introduced the highly esteemed Dr. Herag Hamboyan, a physician based in Oakville and the Medical Director of 20 senior homes across Toronto and surrounding areas. With vast expertise in complex and chronic conditions affecting seniors, including dementia, heart disease, diabetes, and respiratory diseases, Dr. Hamboyan provided invaluable insights into Alzheimer’s disease and dementia.
Throughout his lecture, Dr. Hamboyan addressed fundamental questions surrounding Alzheimer’s disease and dementia, clarifying their definitions and distinctions. He explored common inquiries about these conditions, emphasizing the progressive nature of dementia and its significant impact on daily life, which is not merely a normal aspect of aging.
Despite the absence of a cure for dementia, Dr. Hamboyan shared valuable strategies for risk reduction, focusing on lifestyle factors such as exercise, social engagement, and cognitive stimulation.
Moreover, Dr. Hamboyan outlined the importance of caregiver education and support, offering empathy and understanding in navigating the complexities of dementia care. His dedication to Alzheimer’s advocacy extended beyond the lecture, as he shared his involvement as a member of the board of directors of Alzheimer’s Care Armenia, an organization raising awareness and providing support for dementia patients in Armenia. Through initiatives such as screening programs and memory cafes, the organization aims to enhance dementia care and promote a better quality of life for affected individuals in Armenia.
Following the presentation, attendees engaged in a highly interactive Q&A session with Dr. Hamboyan.
Ungh. Ani Hotoyan-Joly, Chair of the ARS Toronto “Roubina” Chapter Executive Board, delivered the closing remarks, expressing gratitude to Dr. Hamboyan for his informative
lecture and highlighting the widespread impact of Alzheimer’s disease and dementia on both diagnosed individuals, their families and caregivers.
As a token of appreciation, Ungh. Ani Hotoyan-Joly and Ungh. Dr. Ani Hasserjian, Chair of the Educational Committee, presented Dr. Hamboyan with the book “There is Only The Earth: Images from Armenian Diaspora” by Scout Tufankjian.
The event concluded with a warm reception, providing attendees with the opportunity to connect with each other and reflect on the insights shared.
back