Armenian Relief Society Holds its’ 73rd International Convention in Armenia October 16-20, 2023

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ARS Canada Delegation Representing Canadian Region 2023

 

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան:

Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններէն 11-էն 41 պատգամաւորներ, 10 պատգամաւորներ` 10 մեկուսիներէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը` 11 անդամներ, 11 հիւրեր` Արցախէն եւ շրջաններէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)` Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմ:

Պատգամաւորական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան բազմաճիւղ եւ բազում տագնապներով լի` 2019-2023 քառամեակի գործունէութիւնը եւ յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները, յատկապէս այն առումով, որ անոնք ի գործ դրուեցան անբնական պայմաններու մէջ եւ հայութեան համար ճակատագրական փուլի ընթացքին:

Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ միութեան յարաբերական, նիւթական, կրթական, խնամատարական, առողջապահական, կազմակերպչական եւ քարոզչական ծրագիրներուն, լուսարձակի տակ առաւ հրատապ հարցերը եւ համապատասխան առաջարկներով ու որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց շարունակութիւնը երաշխաւորելու եւ յաւելեալ թափ տալու:

ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովին քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքները Արցախն ու իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնն էին: Արդարեւ, համապարփակ կերպով խօսուեցաւ անոնց ծով կարիքներուն մասին, հաստատուեցաւ կարելի ամէն ձեւերով եւ միջոցներով բազում տագնապներու դէմ յանդիման կանգնած Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը, ներկայացուեցան ցարդ ձեռնարկուած օժանդակութեան տարբեր ծրագիրները եւ իբրեւ գործնական քայլ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ արցախահայութեան նուիրուած հանգանակութիւն, որուն ընթացքին ցարդ գոյացաւ մօտաւորապէս 500 հազար ամերիկեան տոլար` միաւորներէն ու անդամներէն։

Յատկանշական էր, որ Արցախի ՀՕՄ-ականները իրենց վկայութիւններով ժողովը իրազեկ դարձուցին Արցախէն բռնի տեղահանման եւ ներկայիս Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ժողովուրդին ունեցած դժուարութիւններուն մասին:

Ժողովականները մանրամասն կերպով ծանօթացան ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան առողջապահական կեդրոն»-ին ծաւալած կարեւոր աշխատանքին, մատուցած առանցքային ծառայութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին հիմնական է կեդրոնի ընդարձակումը, որուն նպատակով ալ կրկին տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը կազմեց 60 հազար ամերիկեան տոլար, որպէսզի առկայ դժուարութիւններու շրջանցումով կարելի ըլլայ շարունակել կեդրոնի գործունէութիւնը:

Վերահաստատուեցաւ արդէն իսկ որդեգրուած ծրագիրները շարունակելու, աւելի ընդարձակելու հրամայականը:

Լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան ապրած տագնապալի կացութիւնը անմասն չմնաց ուշադրութենէն ժողովականներուն, որոնք լսեցին հայութեան կարեւոր զարկերակը հանդիսացող այդ գաղութներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին, կատարեցին համապատասխան քննարկումներ` անոնց նեցուկ կանգնելու ձեւերուն վերաբերող:

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2023-2027 քառամեակի ՀՕՄ-ի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը` հետեւեալ կազմով.

Ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Ատենապետ
Ընկհ. Թալին Տաղլեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ) – Փոխատենապետ
Ընկհ. Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ) – Քարտուղար
Ընկհ. Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Գանձապահ
Ընկհ. Իրմա Գասապեան (Արեւելան Միացեալ Նահանգներ) – Հաշուապահ
Ընկհ. Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Խորհրդական
Ընկհ. Արմինէ Կարապետեան (Քանատա) – Խորհրդական
Ընկհ. Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) – Խորհրդական
Ընկհ. Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք-Սուրիա) – Խորհրդական
Ընկհ. Լիզա Չալըգեան–Ժիլիպէր (Եւրոպա-Ֆրանսա) – Խորհրդական
Ընկհ. Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) – Խորհրդական

21 հոկտեմբեր 2023

 

The 73rd International Convention of the Armenian Relief Society (ARS) was held in Yerevan,
Armenia, from October 16 to 20, 2023, with the participation of 51 delegates, outgoing members
of the Central Executive Board, guests, representatives of sister organizations and committees, staff
members, and 66 observers.

The Convention concluded with the election of the Society’s new Central Executive Board, whose
function is to govern this international organization’s administrative and organizational aspects.

The following members were elected to serve on the 2023 – 2027 board:

Arousyak Melkonian(Western USA) – Chairperson
Talin Daghlian (Eastern USA) – Vice-Chairperson
Nayiri Balanian (Eastern USA) – Secretary
Annie Kechichian (Western USA) – Treasurer
Irma Kassabian (Eastern USA) Accountant
Zharmen Mirzakhanyan (Western USA) – Advisor
Arminee Karabetian (Canada) – Advisor
Zoya Kocharyan (Armenia) – Advisor
Siran Ambarjian (Middle East, SOKH) – Advisor
Liza Tchalikian Gillibert (Europe, France) – Advisor
Nora Sevagian (Australia) – Advisor

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

    back