ARS Canada 22nd Regional Convention, June 26-28 2015

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի 92-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 22-րդ Պատգամաւորական ժողով

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի 92-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 22-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 26-27-28 Յունիս 2015-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի շրջանի 9 մասնաճիւղերու եւ բանաւոր բացակայութեամբ Ռուբինա «Ուինծըր»մասնաճիւղի:

Ժողովը բացուեցաւ Ուրբաթ յետմիջօրէին ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, ՀՕՄ- Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետուհի ընկհ. Նայիրի Շահինեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Զոհրապ Կոստանեանի, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Պուլկարեանի, «Հորիզոն» Շաբաթերթի խմբագիր ընկ. Վահաքն Գարագաշեանի, Հ.Մ.Ը.Մ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ռաֆֆի Հատիտեանի, Համաազգայինի Շրջանային վարչութեան նիրկայացուցիչ ընկհ. Ծովիկ Գահվէճեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին, մասնաճիւղերու վարչութեան ներկայացուցիչներու, 57 պատգամւորներու եւ ՀՕՄ-ի հիւրերու եւ ազատ ունկնդիր ընկերուհիներու:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Պատգամաւորկան ժողովի դիւանի ատենապետուհիներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Աննա Պուլկարիան եւ Զեփիւռ Տորնա, ատենադպրուհիներ՝ ընկերուհիներ Անի Պապիկեան եւ Մարալ Յովհաննէսեան, բանաձեւի յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ Սալբի Խրիկեան, Ազգանոյշ Հատիտեան եւ Զարուկ Հասըրճեան:

Կազմակերպութիւններու ներկայացոցիչ հիւրիրը յաջորդաբար ժողովին խօսք առնելով գնահատեցին 105-ամեայ ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքը ի խնդիր ազգին, հայրենիքին եւ մարդկութեան: Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան ողջունեց ժողովականները եւ շնորհաւորեց շրջանիս 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներն ու ՀՕՄ-ի բոլոր անդամները, որոնք գիտակից նախանձախնդրութեամբ լեցուցած են կեանքը եւ զայն իրենց ծառայութեամբ գեղեցկացուցած: Ան մաղթեց որ ժողովուրդի պարծանքն ու հպարտութիւնը ներկայացնող ՀՕՄ-ը մնայ անոր գլխուն վերեւ, իր մատուցած ծառայութիւնը շողայ, պայծառանայ եւ բարգաւաճի:

Առաջին նիստի աւարտին ներկաները ուղղուեցան ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 25-ամեակի ճաշկերոյթ-հանդիսութեան որ տեղի ունեցաւ«Buffet Chrystal»-ի մէջ:

Ժողովի երկրոդ նիստին ընկերուհի Նայիրի Շահինեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երեք տարուն գործունէութիւնը, ուր կը ցոլար տարուած հսկայական աշխատանքը: Կարճ դադարէ մը ետք ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան քարտուղար ընկհ. Անի Թաշճեան կարդաց երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ապա վարչութեան հաշուապահ ընկհ. Անի Օհանեան ներկայացուց հաշուական տեղեկագիրը:
Ժողովին մասնակից ընկերուհիները բարձր գնաատեցին Շրջանային վարչութեան տարած հսկայական աշխատանքը: Նկատի ունենալով, որ Գանատայի շրջանի 25-ամեակը կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ժողոցվը որոշեց նուիրել 25,000 տոլար Գանատայի Հայ դատի աշխատանքներուն:

Կիրակի օր ժողովի երրորդ նիստին գլխաւոր օրակարգն էր Շրջանային վարչութեան նոր անդամներու ընտրութիւնը: Ընտրողական յանձնախումբը առաջարկեց թեկնածուներուն ցանկը, որ միացայնութեամբ ընդունուեցաւ: Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ Անի Գրալեան (Մոնթրէալ), Վարդուկ Պէզճեան (Մոնթրէալ), Նաթալի Մանուկեան (Համիլթըն), Սիլվա Պէտիրեան (Թորոնթօ) որոնք եկան միանալու վերընտրելի ընկերուհիներ՝ Արմինէ Կարապէտեանի (Մոնթրէալ), Անի Թաշճեանի (Մոնթրէալ) եւ Սիլվա Գարբուզեանի (Մոնթրէալ) այսպիսով ամբողջացնելու Շրջանային վարչութեան նոր կազմը: Ընկերուհիներ Մարալ Յովսէփեան (Լաւալ), Անի Պապիկեան (Մոնթրէալ) եւ Գեղուհի Պասթաճեան ( Թորոնթօ) ընտրուեցան որպէս փոխ անդամներ:

ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական Ժողովի պատգամաւորներ ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ Աննա Պուլկարեան (Մոնթրէալ), Անի Օհանեան (Լաւալ), Հուրի Նաճարեան (Թորոնթօ), Վարսենիկ Սարգիսեան (Թորոնթօ) եւ որպէս փոխ պատգամաւոր ընկերուհիներ Սեդա Մալխասեան (Մոնթրէալ) եւ Արփի Աճէմեան (Թորոնթօ):

Ներկաները շնորհաւորեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին Շրջանային վարչութեան նոր կազմին եւ համահայկականի պատգամաւորներուն: Ժողովականները մեծապէս գնահատեցին ժողովի դիւանի եւ բանաձեւի յանձնախումբի կատարած գործը, ինչպէս նաեւ բոլոր յանձնախումբերու ներդրումը: Ներկաները նաեւ գնահատեցին Մոնթրէալի եւ Լաւալի ընդելութեան միացեալ յանձնախումբի ճոխ հիւրասիրութիւնը:

Նիստերու աւարտին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետուհի ընկհ. Նայիրի Շահինեան խօսք առնելով յիշեցուց 25 տարիներ առաջ կայացած առաջին ժողովի մարտահրաւերները եւ ընդգծեց թէ այդ օրերուն ինչպիսի լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ ՀՕՄ-ուհիները կրցան աշխատիլ եւ յառաջ տանիլ միութեան աշխատանքները: Ան անդրադարնալով մեր օրերուն, շեշտեց որ 25 տարիներ վերջ Գանատան դարձած է հպարտութեան աղբիւր, օրինակելի եւ բարձրօրէն գնահատաուած շրջան: Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Զոհրապ Կոստանեան եւ բարձր գնահատեց Գանատայի Շրջանի տարած բացառիկ գործունէութիւը:

Եռօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովականները նոր գաղափարներով եւ վերանորոգուած հոգիով վերադարձան իրենց մասնաճիւղերը շարունակելու իրենց վստահուած ՀՕՄ-ի սուրբ գործը:

2013-2015 Biennial Report

    back