ARS Canada Mourns the Passing of Ung. Angele “Jojo” Bedrossian
Ընկերուհի Ժոժո Պետրոսեան
ՀՕՄի շարքերէն փայլուն աստղ մը շիջանեց, գնաց միանալու յաւիտենականութեան մէջ գտնուող նուիրեալներու փաղանգին:
Դժուար է ընդունիլ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող վաստակաւոր ընկերուհի Ժոժո Պետրոսեանի կորուստը:
Ընկերուհի Ժոժո ՀՕՄի սուրբ գործին հաւատացող եւ անոր նպատակներուն իրագործման ծառայող լաւագոյն օրինակելի անդամներէն մէկն էր որ իր 37 տարիներու ՀՕՄի շարքերէն ներս ունեցած ծառայութեան ընթացքին լաւագոյնը մատուցեց իր այդքան սիրած ու պաշտած միութեան, իսկ այժմ այս պահուն ան հպարտօրէն իր կուրծքին վրայ կը կրէ ՀՕՄի դրօշը որպէս արժանաւոր ՀՕՄուհի:
Ընկերուհին ՀՕՄի Սօսէ մասնաճիւղին անդամակցած է 1988-ին:
1993- ին երբ հիմը կը դրուէր ՀՕՄի Լաւալի Շուշի մասնաճիւղին, ան կը դառնայ մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամ ստանձնելով հաշուապահութեան պարտականութիւնը եւ աւելի ուշ կը ստանձնէ նաեւ մասնաճիւղին ատենապետի պաշտօնը:
Ընկերուհի Ժոժո իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմէն ներս հաշուապահի պաշտօնով:
Այնուհետեւ ընկերուհին 13 տարի ընդմիջաբար ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմէն ներս իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է նոյնպէս հաշուապահի պաշտօնով, ու ան իր ստանձնած պաշտօնին եղած է արթուն ծառայողը կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ ուղամտութեամբ:
Ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հաշուեքննիչ յանձնախումբին մաս կազմած է 11երկար տարիներ:
Հետեւաբար իր երկար տարիներու ծառայութեան առ ի գնահատանք 2022-ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած Գանատայի Շրջանի 30 ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին ընկերուհի Ժոժո Պետրոսեան կ’արժանանայ «Վաստակաշատ Անդամ»ի գնահատանքին Շրջանային վարչութեան կողմէն:
Եւ երբ 2017 թուականը Արամ Վեհափառի կողմէ կը հրչակուէր ծառայութեան տարի ընկերուհի Ժօժօ կ՛արժանանայ նաեւ <Ծառայութեան Գնահատանքի> Գանատայի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք․ Չարեանի կողմէ։
Այժմ մեր բոլորին սիրելի Ժոժոն ոչ եւս է այս աշխարհիկ կեանքին մէջ, սակայն միշտ ապրող յիշատակները մեր հոգիներուն մէջ դրօշմուած կը մնան:
Յարգանք երկար տարիներու վաստակիդ սիրելի ընկերուհի, Թող հոգիդ ննջէ երկնային լոյսերու մէջ, յիշատակդ մնայ անթառամ:
Ungerouhi Angele Jojo Bedrossian
A shining star from the ranks of the ARS has passed away, joining the ranks of the dedicated in eternity.
It is difficult to accept the huge loss of our long-serving Ungerouhi Jojo Bedrossian, she was one of the most exemplary members of the ARS, believing in the sacred work and serving to achieve its goals.
During her 37 years of service within the ARS ranks, she gave her best to the organization she loved and adored, and now at this moment she proudly wears the ARS flag on her chest as a worthy ARS member.
Ungerouhi Jojo joined the ARS Sossé Chapter in 1988, in 1993, she joined ARS Laval Shushi Chapter when it was established, she became one the founding board members of the chapter, assuming the responsibility of accountant and later assumed the position of chapter chairman.
Ungerouhi Jojo also brought her active participation to the board of trustees of the Sourp Kevork Church in Laval as the bookkeeper.
For 13 years, Ungerouhi Jojo brought her active participation to the board of the ARS Canada Regional Board as the Bookkeeper, and was a vigilant servant in her assumed position with dedication. As well she served as a member of the ARS Central Board of Directors’ Audit Committee for 11 long years.
Therefore, in recognition of her many years of service, during the 2022 celebration of the 30th anniversary of the Canadian Region in Toronto, Ungerouhi Jojo Bedrossian was awarded the “Meritorious Member” award by the Regional Board.
2017 was proclaimed the year of service by His Holiness Catholicos Aram, Ungerouhi Jojo was also bestowed an award for her “Service & Appreciation” by the Primate of the Canadian Diocese, His Eminence Archbishop Papken Tcharian.
Now, our beloved Jojo is no longer in this earthly life, but her memories will always remain etched in our hearts.
Respect for your many years of service, dear friend. May your soul rest in heavenly light, may your memory remain forever
back