ARS Canada’s 27 Regional Convention Held in Montreal 27/28/29 of June 2025

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Անցնող շաբաթավերջին՝ 27-29 Յունիս 2025-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ Պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ռիթա Հինդլեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնի ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի Գանատայի 8 մասնաճիւղերէ պատգամաւորներու եւ հիւրերու:

Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ծովիկ Թերզեանի, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովականներուն:

Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներու ունկնդրումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բռնի պարպումի օրերուն պայթումի հետեւանքով մահացած հայորդիներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Ժամկոչեան:

Իր օրհնութեան աղօթքն ու յաջողութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց Սրբազան Հայրը, որմէ ետք նաեւ հերթաբար խօսք առին միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ ընկ. Հրակ Տարագճեան:

Ժողովը ընթացաւ Կեդրոնական վարչութեան զեկոյցի ընթերցմամբ, Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրի ներկայացմամբ, յառաջիկայ վարչութեան ի գործադրութիւն առաջարկներու եւ թելադրանքներու բանաձեւմամբ եւ նիւթական նախահաշիւի պատրաստութեամբ:

Ժողովի երեք օրերուն ընթացքին, Գանատայի տարբեր շրջաններէ ժամանած պատգամաւորները քննարկման բովէ անցընելով Շրջանային վարչութեան նախորդ երկամեակի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն վարչութեան կատարած ներդրումներուն ու իրագործումներուն ընդհանուր գնահատականն ու հաշուետուութիւնը կատարելէ ետք, զայն համարեցին գերգնահատելի:

 

Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ի երեկոյեան Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ Կամք մարզասրահին մէջ, հոգեւոր հայրերուն, քաղաքական գործիչներու, ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն, ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 115 եւ Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35 ամեակներուն նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւնն ու ճաշկերոյթը:

 

Ապա Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ հետեւեալ անդամներէն կազմուած ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային նոր վարչութիւնը. Մոնթրէալէն՝ ընկհ. Լիւսի Շահինեան, ընկհ. Անի Թաշճեան, ընկհ. Մարի Հալաճեան, Լաւալէն՝ ընկհ. Ազգանոյշ Հատիտեան, ընկհ. Սիւզի Պոյամեան, ընկհ. Քրիստին Աֆարեան, Թորոնթոյէն՝ ընկհ. Մարալ Միսիրլեան, ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան եւ ընկհ. Արաքսի Փիլաւճեան:

 

Աւարտին հնչեցին նաեւ գնահատանքի խօսքեր նախկին վարչութեան հասցէին՝ ժողովին մասնակցող հիւրերուն եւ պատգամաւորներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ՝ նորընտիր վարչութեան:

 

    back