ARS Hamilton Arev Celebrates 110th Anniversary

ՀՕՄի Արեւ մասնաճիւղի կազմակերպած ՀՕՄի Օրը, տեղի ունեցաւ կիրակի 26 Մարտ 2023ին հայ կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Տէր Հրանդ Քհն. Մանուկեանի եւ շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ
Ընկհ. Իրէն Թիլիմեան
Ընկհ. Անի Հոթոյեան Ժոլիի
Վռամեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ հայեր:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Անուշ Պէքմէզեանը։ Ան հրաւիրեց ներկաները ոտնկայս ունկնդրելու Քայլերգները եւ վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու մեզմէ բաժնուած ընկերուհիներու հոգիները եւ մեր զոհերու հոգիները։
Քայլերգները նուագեց Ընկհ. վարսենիկ Փափացեանը։
Վարչութեան խօսքը ներկայացուց վարչութեան Ատենապետուհին Ընկհ. Արմիկ Թովմասեան նշելով ՀՕՄի ներկայութիւնը Հայ ազգին մէջ եւ իրենց սուրբ գործը։
Ասմունքեց ընկհ. Ռուզան Աբգարեան «Մօր Ձեռքը»։
Վիտիոյ սլայտի ներկայացում տեղի ունեցաւ Արեւ Մասնաճիւղի 110 տարուայ տարած աշխատանքի ամփոփը որը պատրաստեցին Ժուլիա Աբգարեան եւ Սագօ Գօմուլեան:
Վռամեան կոմիտէյութեան խօսքը ներկայագուց ընկ. Յակոբ Աբգարեանը որը խօսեցաւ Արեւ մասնաճիւղի ընկերուհիներուն տարած աշխատանքը գաղութէն ներս եւ թեւ դիկունք կանքնած էյին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոլոր գործերուն մէջ։
Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները մասնակցեցան երկու երգերով «Գարուն Երեւան» եւ «Հայաստան»։
Շրջանային Վարչութեան խօսքը ներկայացուց ընկհ. Իրէն Թիլիմեանը որը գաղութին ներկայացուց շրջանայի վարչութեան տարած գործերը Արցախի եւ Սուրիոյ երկրաշարժի հանդէպ եւ ՀՕՄը ինչ աշխատանք կը տանէ հայրենիքի եւ սփիւրքի համար:
Ռազմիկ Կարպուշեանը խանդաւարեց ներկաներուն ազգային երգերով։
Արեւ մասնաճիւղի ընկհ. Թագուհի Զգադիօդիսը արժանացաւ 50 տարուայ ծառայութեան զարդասեղը:
և նաեւ վարչութիւնը գնահատեց ընկհ. Աղաւնի Ժամկոչեանը եւ ընկհ. Հռիփսիմէ Աբգարեանը իրենց երկարամեայ տառած աշխատանքներու Արեւ մասնաճիւղին
հանդիսութեան փակումը կատարեց գաղութիս Տէր Հայրը իր բեղուն խօսքերով հայ կնոչ դեռը Ազգին եւ եկեղեցւոյ մէջ։
Շնորհակալութեան խօսքով փակեց օրուայ հանդիսաւարը բոլոր, աշխատողներուն վարձքը կատար ուժ եւ կառողութիւն բոլորին։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

https://fb.watch/jxe3kOlF9H/

 

    back