ARS Laval Shoushi Chapter Golden Age Committee Celebrating May 28, 2022

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի Ոսկեայ Տարիք յանձնախումբը Երեքշաբթի Մայիս 31, 2022-ին համախմբած էր 60-ի մօտ տարեց անդամներ եւ համակիրներ, Լաւալի Հայ Կեդրոնի Պարոնեան սրահէն ներս։

Յանձնախումբի անդամները ինչպէս միշտ ճիգ չէին խնայած ձեռնարկի յաջողութեան։ ճաշը՝ Ձուկ , տապկուած գետնախնձոր եւ աղցան նուիրուած էր ընկհ․ Արփի Հայրապետեանի կողմէ իր ամուսնոյն բարիով ապագինման համար։

Ճաշ հաւաքոյթին ներկայ էր մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ․ Ֆլօրա Կիրակոսեան, որ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատու ընկհ․ Արփի Հայրապետեանին եւ շուտաբոյթ ապագինման մաթանքներ փոխանցեց․նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ միշտ կը քաջալերեն Ոսկեայ Տարիք յանձնախումբի կազմակերպած ճաշ հաւաքոյթները՝ գնահատեց յանձնախումբի անդամներուն զոհողութիւնն ու անսակարկ նուիրումը։

Ընկերուհի ատենապետուհին տեղեկացուց թէ նախապէս յայտարարած էր BINGO խաղալու մեքենային մասին, իսկ այսօր կը տեղեկացնէ թէ վարչութիւնը ստացած է մեքենան եւ կը յանձնարարէ որ բոլոր ներկաները խաղան իրենց բախտը փորձելու եւ նոր մեքենան շնորհաւորելու։

Ներկաները BINGO-էն զատ, տարբեր խաղերով զբաղեցան, ապա բոլորն ալ շատ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան տեսնուելու խոստումով։

Վարձքը կատար մեր Ոսկեայ Տարիք յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն եւ շնորհաւորութիւն իրենց տարած հսկայական աշխատանքին։

    back