ARS Laval Celebrates Easter with Joelle and Friends

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ին, կ․ա․ ժամը 10:30-ին, Ս․ Յակոբ Ազգ․ Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերուն յատուկ Ծաղկազարդի ձեռնարկը, «Եկէ՛ք միասնաբար տօնենք Զատիկը» խորագրով։
Մեծ թիւով ծնողներ իրենց զաւակներուն ընկերակցելով ժամանած էին սրահ, ուրախացնելու եւ զուարճացնելու համար իրենց զաւակները։
Զատկուան յատուկ զարդարանքով եւ գունաւոր փուչիկներով յարդարուած բեմը, իր տպաւորիչ գեղեցկութեամբ տօնական ուրախութիւն եւ խանդավառ տրամադրութիւն կը ստեղծէր սրահ մուտք գործող բոլոր փոքրիկներու հոգիներուն մէջ։
Այս ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ փոքրիկներու երգերու մեկնաբան՝ բոլորին ծանօթ Ժոէլը, որ փոքրիկ պարողներու ընկերակցութեամբ, մեծապէս ուրախացուց սրահէն ներս գտնուող մանուկները եւ իրենց ծնողները։ Բոլորին սիրելի Նապիկի ներկայութիւնը եւս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։
Սրահի մուտքին, կազմակերպիչ յանձնախումբը յատկացուցած էր Ծաղկազարդի յատուկ զարդարանքներով պատրաստուած մոմերու վաճառման բաժին մը, վառ պահելու համար հայկական աւանդական սովորութիւնները՝ նորահաս սերունդին մօտ։
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս կազմակերպիչ յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած բծախնդրութեամբ պատրաստելու շատ համեղ անուշեղէններու, տեսակաւոր կրկնեփներու եւ Զատկուան խմորեղէններու վաճառքին համար յատկացուած կրպակ մը։ Այս բոլորը սիրայօժար կերպով պատրաստուած կամ տրամադրուած ՀՕՄ-ի անդամ ընկերուհիներու, բարեկամներու, ծնողներու եւ նուիրատուներու կողմէ։
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին համար մեծ ուրախութիւն է ծրագրել եւ իրականացնել նման ձեռնարկներ, որոնք առիթ կու տան հայ փոքրիկներուն կամ պատանիներուն, իրար ծանօթանալու, իրար հետ ընկերանալու եւ միասնաբար զուարճանալու։
Շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն եւ ընդհանուր առմամբ կազմակերպական գետնի վրայ իրենց իրականացուցած գնահատելի աշխատանքին, Ծաղկազարդի փոքրերու յատուկ ձեռնարկը ոգեւորութեան գեղեցիկ պահեր ստեղծեց փոքրիկներուն մօտ եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։

    back