ARS Laval Shoushi Celebrates ARS Day

ՀՕՄ-ի օր

 

Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչութեանց, Կիրակի, 7 Մայիս, 2023-ին կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւն Ս․ Յակոբ Ազգ․ վարժարանի «Բաստրմաճեան» թատերասրահին մէջ։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ՝ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեան, Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Տ․ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեան, Ս․ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Գառնիկ Աւագ քհնյ․ Գոյունեան,Պատկան մարմնի ներկայացուցիչ՝ տիկին Ծովիկ Թերզեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ․ Լուսին Փալանճեան եւ անդամներ, ՀՕՄ-ի օրուան նախագահ՝ ընկհ․ Երան Պանքեան,օրուան պատգամաբեր՝ Դոկտ․ Կարպիս Մեսեֆէճեան, ընկհ․ Սեդա Թօփուզեան Լաւալ շրջանի քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ, Քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, մեծաթիւ ՀՕՄուհիներ ու համակիրներ։

Օրուան բեմավարն էր ընկհ․ Թամար Եաղըճեան։ Յաջորդաբար հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄուհիներուն յիշատակը, որոնց կարգին էր նախկին Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շքանշանակիր եւ բազմավաստակ կրթական մշակ՝ ընկհ․ Արփինէ Սապունճեանը։ Բացման խօսքին մէջ ընկհ․ Եաղըճեան անդրադարձաւ, թէ ՀՕՄ-ը այս տարի եւս իր բազում անդամներու անձնուէր եւ կամաւոր աշխատաքին շնորհիւ յաղթահարեց բազում խոչընդոտներ, ըլլան անոնք հայրենիքի, Արցախի, Ջաւախքի թէ Սուրիոյ մէջ։

Ապա ներկայացուց օրուան նախագահ՝ ընկ․ Երան Պանքեանի կենսագրական գիծերը։

Բեմ հրաւիրուեցան զոյգ մասնաճիւղի ատենապետուհիներ՝ ընկհ․ Հուրի Զաքարեան եւ ընկհ․ Նելլի Պարսեմեան, որոնք փոխն ի փոխ ներկայացուցին մասնաճիւղերուն միացեալ գործունէութիւններուն տեղեկագիրը։ Անոնց տեղեկագրին մէջ մեծ տեղ գտած էր Ջաւախքի,Սուրիոյ եւ Արցախին ի նպաստ բարեսիրական գործերու միջոցաւ նիւթական եկամուտ ապահովելը ու օգնութեան ձեռք երկարելով օժանդակել շրջափակուած թէ աղէտեալ մեր հայրենակիցները։

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ ՀՕՄ-ը նիւթապէս տարեկան յատկացում վերապահած է Ս․ Յակոբ Ազգ․ վարժարանին։ Արդ, բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ․ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ․ Լուսին Փալանճեան, որպէսզի այս յատկացումը յանձնէ Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանին։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ արուեստագէտ-կիթառիստ՝ տիար Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ իր մշակումով ներկայացուց Բ․ Կանաչեանի «Օրօր»ը, Ս․ Նովայի «Քամանչա»ն եւ «Մալաքենիա»ն եւ արժանացաւ ներկաներուն քաջալերական խօսքերուն եւ ծափողջոյններուն։

Յայտագրի յաջորդ կէտը զարդասեղներու տուչութիւնն էր, ուստի ընկհ․ Թամար Եաղըճեան կրկին բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղերու ատենապետուհիները, յանձնելու ժրաջան եւ բազմավաստակ ՀՕՄուհիներուն։ Եւ այսպէս, 15 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան ընկերուհիներ՝ Արփի Սանոսեան- Մարտիրոսեան, Շուշան Կանճոյեան, Սօսի Խարապոյեան- Քիւրթիւքեան, Աստղիկ Խաշընճեան, Ալին Հատիտեան, Տալիտա Պալիոզեան․Քնար Պէշիրեան,Թամար Փօլատեան․ Լուսին Սալաքեան․ Ծովիկ Թերզեան եւ Անի Զառուկեան։ 25 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան ընկերուհիներ՝ Սիւզըն Աշգարեան, Սոնա Աչանեան, Սօսի Պետրոսեան, Զեփիւռ Տէր Աշոտեան, Արփի Ասատուրեան, Ժագլին Պէշլեան, Յասմիկ Պէքարեան, Արփի Տօլմաճեան, Մարի Ալէճեան, Պիանիա Քաթխոտազատեհ, Լուսին Գազանճեան, Սիլվա Քէօհնէլեան, Ալիս Լոշխաճեան, Մանուշակ Միրզոյեան, Ծովիկ Մուրատեան, Սոնիա Փիլիկեան, Սեդա Թաւրիզեան, Սեդա Դանիէլեան, Մարիա Ճերէճեան եւ ընկ․ Լեւոն Պոյաճեան։ 35 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան ընկերուհիներ՝ Այտա Գալօղլեան,Սուզան Գազանճեան, Սելին Գույումճեան, Մարօ Մինասեան, Անժէլ-Ժօժօ Պետրոսեան, Զուարթ Վարվառեան,Էլիզապէթ Մաթեան, Շուշան Աժէմեան եւ Սեդա Թօփուզեան-Գուշեան։ 50 տարուան ծառայութեան զարդասեղներ եւ գնահատագրեր ստացան ընկերուհիներ՝ Անահիտ Պասմաճեան, Մարգրիտ Մելքոնեան, Մարօ Ֆռունճեան, Նազիկ Արթինեան, Նայիրի Ֆռունճեան եւ Սիլվարդ Զուռիկեան։ Սոյն զարդասեղներն ու գնահատագրերը յանձնեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամն ու Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետը։ 60 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ու գնահատագիր ստացան ընկերուհիներ՝ Անթուանէթ Պալապանեան, Մարալ Գասարճեան, Ռենա Ստեփանեան եւ Զապէլ Կիւլեան։ եւ վերջապէս՝ 70-74 տարուան ծառայութեան գիր ստացան ընկերուհիներ՝ Ալիս Մալխասեան, Անահիտ Մարգարեան եւ Մարի Խաչատուրեան։ 75 տարուան ծառայութեան գնդասեղ եւ գնահատագիր ստացան ընկերուհիներ՝ Ռոզա Պուլկարեան (իր բացակայութեան պատճառով յանձնուեցաւ ընկհ․ Նայիրի Բաբախեանին) եւ ընկհ․ Օվսաննա Լիպարեանին (դժբախտաբար կը բացակայէր)։

Օրուան պատգամաբեր Դոկտ․ Կարպիս Մեսեֆէճեան բեմ բարձրացաւ վեր առաւ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն ու անոր տարած աշխատանքները իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, երբ ամէն տեղ էր ու օգնութեան ձեռք երկարելով հասաւ կարիքաւորին ու տկարին։ Պատգամաբերը խօսեցաւ կարեւորեց Հայ մօր դերը մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ մայրն է աղբիւրը կեանքի, յոյսի եւ լոյսի։ Մայրը եղած է վրիժառու արդար բազուկը ու տղամարդուն կողքին ըլլալով թեւ ու թիկունք կանգնած է հայ ժողովուրդին ճակատագրական եւ օրհասական օրերուն։Հայ մայրը եղած է զոհաբերութեան ախոյեան եւ արդարութեան ռահվիրայ։

Պատգամաբերին խօսքէն ետք, ընկհ․ Եաղըճեան շնորհաւորեց պարգեւատրեալ ընկերուհիները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ձեռնարկի օրուան նախագահ՝ ընկհ․ Երան Պանքեանին, լուսանկարիչ՝ տիար Արմէն Ալէմեանին, սրահին լսատեսողական համակարգիչ՝ տիար Վարդան Բաբախեանին, ընկհ․ Լենա Աբրահամեան, որ այս օրուան ծաղիկները նուիրեց , առատաձեռն նուիրատուներուն եւ ներկաներուն։ Շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ այս օրուան միացեալ յանձնախումբի անդամներուն՝ ընկերուհիներ՝ Արաքսի Խոզոզեանին, Դանիա Զարպեանին, Նանոր Մալոյեանին, Նանոր Շիրինեանին,Անի Գուլայեանի, Սեդա Մանկասարեանին, Թամիկ Շամլեանին եւ Քնար Ճինոյեանին։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեան։ Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հսկայածաւալ աշխատանքին ու ծառայութեան կարեւորութեան մասին։ Ան ըսաւ այն խաչը որ կը գտնուի ՀՕՄ-ի խորհրդանիշին վրայ, անիկա մեզի մտածել կու տայ թէ խաչը զոհողութան, սիրոյ եւ նուիրումի գաղափարն է որ կը փոխանցէ մեզի։ Սրբազան հայրը ՀՕՄ-ը համարեց մեծ դպրոց մը, ուր Կանայք ու օրիորդներ կու գան եւ կը ծառայեն հայրենիքին ու ազգին։ Ան շնորհաւորեց զարդասեղ եւ գնահատագիր ստացող ՀՕՄուհիները եւ յորդորեց որ շարունակեն այս սրբազան գործը, Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի պահելու, որպէսզի մեր ժողովուրդն ու մեր ազգը մնայ միշտ ոսկի ու երբեք չժանգոտի։

Պահպանիչով փակուեցաւ օրուան հանդիսութիւնը, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ քաղցրաւենիքով։

 

Շողիկ Ազարիկեան Ադամեա

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

    back