ARS Laval Shoushi Celebrates Mother’s Day and “Hampartsoum”

Մայրերու Օր եւ Համբարձում

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի կազմակերպած Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման Տօնին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 12 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Centre Armenie-ի սրահին մէջ։ Ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան, Շրջանային Վարչութեան եւ Լաւալի վարչութեան անդամուհիներ, ՀՕՄ-ի անդամ ընկերուհիներ եւ այս ձեռնարկը քաջալերող հոծ բազմութիւն մը։ Սրահը եւ բոլոր սեղանները զարդարուած էին օրուան յատուկ զարդարանքներով։

Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ․ Սոֆի Տէրտէրեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ ընդհանուր առմամբ մօր յատկանիշներուն եւ մասնաւորաբար հայ մօր ուսերուն վրայ դրուած մեծագոյն պարտաւորութիւններուն։

Երեկոյի ընթացքին երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան իր մեկնաբանած ժողովրդային եւ ազգային երգերով մեծապէս ճոխացուց մթնոլորտը։

Ձեռնարկին ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Յակոբ Ազգ․ Վարժարանի աշակերտուհի՝ Գառնի Մարտիրոսեան, ապա՝ Կիլիկիա պարախումբը հայկական պարեղանակներով ջերմապէս խանդավառեց ներկաները։

Ներկաները իրենց կարգին շուրջպարերով յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս։

Մայրերու Օրուան առթիւ պարգեւատրուեցան հինգ ՀՕՄուհի մայրեր՝ Մարի Կիրակոսեան, Սիմա Մարունեան, Սեդա Համալեան, Ժագլին Չարեան եւ Հայարփի Մնըշեան։

Նկատի ունենալով, որ Համբարձման տօնը կը զուգադիպէր Մայրերու Օրուան թուականին, այս տօնին կապուած ժողովրդական սովորութիւններու ծիրէն ներս կարդացուեցան վիճակի համար պատրաստուած քառեակներ։

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ շահող թիւերը ստացան համապատասխան նուէրներ։

Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն, յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու սպասումով։

 

ARS Laval Shoushi chapter organized a Mother’s Day event that took place on Friday evening, May 12, 2023 at Centre Armenie in Laval. In attendance were ungh. Armine Karabetian, ARS Central Committee member, along with ARS Regional Executive Board members.

The master of ceremony ungh. Sofi Derderian welcomed all to the event and spoke about the characteristics of mothers in general and the greatest obligations placed on the shoulders of Armenian mothers in particular.

In the course of the evening, singer Nshdeh Potrumian enriched the atmosphere with his interpretations of Armenian folk and national songs.

Miss Garni Martirossian student of Sourp Hagop Armenian School recited a poem about «the mother’s hands» then the Cilicia Dance Group performed four Armenian dances.

During the evening, five mothers were honored.

Realizing that this year, the Ascension Day coincided with Mother’s Day, the organizing committee members prepared readings of folk customs related to this day.

The evening finished off with a raffle and the winners received precious gifts.

At the end of the event, the attendees returned to their homes in high spirits, and promised to be present again next year.

 

    back