ARS Laval Shoushi Chapter Easter Basket sale

Ծաղկազարդի եւ Ձատկուայ տոներուն նախորեակին, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի  խումբ մը ընկերուհիներ գործի լծուեցան այս տարի եւս պատրաստելու գեղեցիկ կողովներ, որուն մէջ դրուեցան գունաւոր հաւկիթները եւ որակաւոր տուրմերու տեսականիներ ,համեղ հայկական չէօրէկներ որ ապսպրուած էին Boulangerie Seta եւ Boulangerie Armenia- յէն ։

Աշխատանքը կատարուեցաւ Լաւալի Հայ  Կեդրոնէն ներս, իսկ բոլոր հաւկիթները նուիրուեցան մեր սիրելի ընկերուհիներու եւ նուիրատուներու կողմէ ։

Բոլորին վարձքը կատար այս անձնուէր աշխատանքին։

Այս տարի կողովներու վաճառքը տեղի ունեցաւ Լաւալի Paroisse Bon Pasteur  եկեղեցւոյ մէջ, ուր Լաւալաբնակ հայ ընտանիքները խուռներամ հաւաքուեցան եւ քաջալերեցին ինչպէս միշտ ՀՕՄ- ի  պատրաստած  կողովներու վաճառքը ։
Ձեր վարձքը կատար
Ապրիք

    back