ARS Laval Shoushi Chapter Appreciation Night

ՀՕՄ ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի

Վարչութիւնը Յուլիս 20 ի երեկոյեան ժամը 7:ին հրաւիրած էր 2022/23 տարուան ընթացքին իր յանձնախումբերու անդամները եւ գործուն ընկերուհիները գնահատանքի երեկոյի մը, որ տեղի ունեցաւ Լաւալի Հայ Կեդրոնի Պարոնեան սրահէն ներս:

Ներկայ էին կեդրոնական վարչութեան գանատայի ներկայացուցիչ՝ ընկհ Արմինէ Կարապետեանը ,շրջանային վարչութեան նախկին եւ նորընտիր ընկերուհիները։

Հաւաքոյթը սկսաւ ընկհ Ատենապետ Նելլի Պարսեմեանի բարի եկաք-ի խօսքով եւ օրուան պատգամով, ուր ընկհ. Նելլին խնդրեց ներկաներէն շնորհակալութիւն յայտնել ընկերուհիի մը, որ նախապէս առիթը չէր ընծայուած այդ արարքը ընելու, ապա ինք շնորհակալութիւն յայտնեց այդ հսկայ բանակին որ միշտ դիկունք կանգնեցան վարչութեան եւ քաջալերեցին բոլոր ձեռնարկները, որ շատ բեղուն եւ հասութաբեր տարի մըն էր։ Ետքը աղօթքով սեղանը բաց յայտարարուեցաւ DJ Արէքի մեղմ մեղեդիներու ներքեւ ճաշակեցինք համեղ աղանդներն ու տաք ճաշերը։

Վարչութեան անդամ ընկհ նուշիկ Ղազարեան Նալբանդեան պատրաստած էր զուարճալի խաղեր, եւ Bingo-ի խաղը, որոնք ընթացան նոյնքան կատակներով լեցուն, շահող ընկերուհիները ստացան նուէրներ։

Ընկհ Զապէլ Կուլեան ասմունքեց.

Եւ ներկաները գոհացան իսկ ընկհՍիլվա. Գարամամինասեան մեներգեց իր քնքոյշ ձայնով, այնքան հաճելի էր երգեցողութիւնը, որ ներկաները անգամ մը եւս խնդրեցին եւ ընկերուհին ընդառաջեց այս անգամ զուգերգով շրջանային վարչութենէն ընկհ Արփի Մարտիրոսեանին հետ։

Սրտի խօսքով մի քանի ընկերուհիներ իրենց գնահատականները փոխանցեցին։ժամանակը կը սահէր եւ շուրջպարերով ընկերուհիները խանդավարեցին ներկաները։

Երեկոյեան ուշ ժամերուն հրաժեշտ տալով շնորհակալութեամբ եւ բարեմաղթութեամբ վերջ գտաւ սոյն ձեռնարկը ։

Այսօր եւս ուխտեցինք տէր ըլլալ մեր լեզուին, մշակոյթին , միութեան վերելքին միշտ յիշելով ժողովուրդիս հետ

Ժողովուրդիս համար լօզունքը:

Ձեր վարձքը կատար ընկերուհիներ

 

Appreciation day

Thursday July 20 2023, the ARS LAVAL “Shoushi” chapter organized an appreciation day event, to recognize and appreciate the hard work of its members and supporter․

Ungh Nelly Hamalian Barsemian, the president of the organization, welcomed and thanked the attendees for their participation in different committees, in one way or another. She also welcomed ungh Armineh Garabedian from the Central Executive, and the members of the Canada ARS executive.

The menu was an open Buffet, and the DJ ung. Arek Koushian animated the evening with very nice music.

The attendees experienced a fun filled evening, with a Bingo game, dancing and other games.

Some members participated by showing their talents, be it singing, or reciting Armenian poems

    back