ARS Laval Shoushi Chapter Celebrates Mother’s Day

Մայրերու Օր
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի կազմակերպած “Մայրերու Օր”ուան  Տօնին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Centre Armenie-ի սրահին մէջ։

Ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ընկհ. Արմինէ Կարապետեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ  եւ Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ` ընկհ. Աստղիկ Խաշընձեան, Մոնթրէալի “Սօսէ” մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ,  Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՕՄ-ի անդամ ընկերուհիներ եւ այս ձեռնարկը քաջալերող հոծ բազմութիւն մը։

Սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան գեղեցիկ վարդեր, որոնք  սեղաններուն վրայ զետեղուելով  զարդարեցին սրահը։

Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ․ Սիլվա Բախանեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ ընդհանուր առմամբ մօր յատկանիշներուն եւ մասնաւորաբար հայ մօր ուսերուն վրայ դրուած մեծագոյն պարտաւորութիւններուն։
Երեկոյի ընթացքին երգիչ Մանուէլ Աշըգեան, բոլորին  ճաշակները գոհացնող իր երգացանկով, մեծապէս ճոխացուց մթնոլորտը։

Ներկաները, իրենց կարգին, շուրջպարերով յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս։

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան սրտաբուխ նոիրատուութիւններ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ շահող թիւերը ստացան համապատասխան նուէրներ։ Օրուան  երկու բախտաւորներուն եւս  յանձնուեցան արժէքաւոր նուէրներ։

Այս երեկոն ջերմութիւն,  ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն սերմանեց ձեռնարկին ներկայ մայրերուն , ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակցողներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Վարձքը կատար “Մայրերու Օր” ուան յանձնախումբին,  նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութեամբ սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան։

    back