ARS Laval “Shoushi” Chapter Monthly get together Jan 2025

 

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ, 31 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի “Պարոնեան” սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընկերային երեկոյ, ներկայութեամբ մասնաճիւղիս մօտ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեանի, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի անդամուհիներու, բարեկամներու եւ հիւրերու։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ` ընկհ. Հռիփսիկ Մէնէշեան։ Ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց ընկհ․ Ժօժօ Պետրոսեանին, որ այս ձեռնարկի նուիրատուն էր։
Այնուհետեւ, ներկաներուն հրամցուեցաւ ընկերային յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած օրուան ճաշը (հաւ, գետնախնձոր, աղցան եւ զովացուցիչ), որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։ Իսկ ձեռնարկի աւարտէն առաջ հրամցուեցաւ նաեւ քաղցրեղէն։
Համեղ ճաշի հիւրասիրութենէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան ուրախ ժամանակ անցընելու պինկոյի խաղով։ Օրուան բախտաւորները նուէրներ ստացան։
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները բարի մաղթանքներով մեկնեցան սրահէն, շուտով դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք մեր ձեռնարկի նուիրատու՝ ընկհ․ Ժօժօ Պետրոսեանին։
Ինչպէս նաեւ վարձքը կատար՝ ընկերային յանձնախումբի անդամուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու այս ընկերային երեկոն։

 

    back