ARS Laval Shoushi Chapter Requiem Mass

Կիրակի 26 Փետրուար 2023- ին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Հ.Օ.Մ-ի հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ «Շուշի» Մասնաճիւղէն յաւետ բաժնուած ննջեցեալներուն յիշատակին։
Ներկայ էին Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ՝Սիւզի Պոյամեան եւ Ազգանոյշ Հատիտեան, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչական անդամներ, ընկերուհիներ եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջորդեցին ընկերուհիներ՝ Աստղիկ Խաշընձեան եւ Թալին Խաշընձեան։
Յետ հոգեհանգստի արարողութեան Լաւալի Հայ կեդրոնի Պարոնեան սրահէն ներս հոգեճաշ հրամցուեցաւ նուիրուած ընկերուհիներ՝ Ռիթա Էքմէքճեան եւ Վերժին Բուչիկեանի կողմէ։
Թող բոլոր ննջեցեալ հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ ընկերուհիներուն հոգիները ննջեն խաղաղութեամբ։

 

A requiem mass was held on Sunday February 26 2023 at the Armenian Apostolic Church Sourp Kevork of Laval, for the memories of all the ARS LAVAL members, and founders.

At the service were present many members of Armenian Organizations and also ungh Suzy Boyamian And ungh Azkanoush Hadidian of the Armenian Relief Society of Canada.

Ungh Asdghig Kadikian and her daughter ungh Taline Khashentsian carried the wreath to the altar.

After the mass, a take out meal of rice and chicken was offered to all attendees, which was prepared and donated by ungh Vergine Pouchiguian and ungh Rita Ekmekjian.

    back