ARS Laval Shoushi Chapter Seminar on AI

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, ներկայութեամբ Լաւալի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ․ Արմինէ Կարապետեանի, «Շուշի» մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ուհիներու եւ մեծ թիւով հիւրերու։
Դասախօսական ձեռնարկի հանդիսավարը ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ․ Նելլի Պարսեմեանն էր, որ իր բացման խօսքին մէջ, առաջին հերթին անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան՝ որպէս հայ մշակոյթը եւ հայ լեզուն պահպանող, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ դաստիարութեան եւ անոր պատրաստութեան սատարող կազմակերպութիւն։ ՀՕՄ-ի աշխատանքներու ներկայացման ընդմէջէն, հանդիսավար ընկերուհին նաեւ ընդգծեց, որ «Շուշի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, դասախօսական ձեռնարկներու կազմակերպման համար, ծրագրած է կազմակերպել առաւելաբար այժմէական եւ հետաքրքրական բնոյթ ունեցող նիւթեր։
29 Նոյեմբերի դասախօսութեան նիւթը՝ «Արհեստական բանականութիւն, ապագայի ընկեր թէ՞ թշնամի» ներկայացուց նորարարութեան եւ արհեստական բանականութեան Tecsys Inc.ի տնօրէն՝ Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեան (Director of innovation and Artificial Intelligence at Tecsys Inc.)։
Դասախօսի կենսագրական գիծերը ներկաներուն ծանօթացնելէ ետք, ընկերուհի Ն․ Պարսեմեան հրաւիրեց Պրն․ Վ․ Քոլլոքեանը ներկայացնելու այս այժմէական, խիստ հետաքրքրական եւ կարեւոր նիւթը։
Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեան առաջին հերթին անդրադարձաւ վախի զգացումին, որ արհեստական բանականութիւնը (Artificial Intelligence) կը յառաջացնէ իւրաքանչիւր անհատի մօտ։ Ապա, օրինակներու ընդմէջէն, ան բացատրութիւններ տուաւ AI-ի ընձեռած «բարիք»ներէն օգտուելու կարելիութեան մասին, միաժամանակ մատնանշելով, որ հոն արձանագրուած տեղեկութիւնները անպայմանօրէն ճիշդ չեն․ կրնան ամբողջական, հաստատ եւ ճշգրիտ ըլլալ, կրնան նաեւ պակասաւոր կամ երբեմն ալ սխալ ըլլալ եւ այս բոլորը կախեալ են տեղադրուած տեղեկութիւններէն։
Դասախօսը AI-ը (Artificial Intelligence) խելացի մեքենաներ անուանելէ ետք, նշեց, որ անոնք գուշակութիւններ, յանձնարարութիւններ կը կատարեն, պատկերի եւ խօսքի ճանաչում ունին, ինչպէս նաեւ լեզուի հասկացողութիւն։ Ան նկատել տուաւ AI-ի կողմէ հայերէն լեզուն կարդալու դժուարութեան պարագան, որ արդիւնք է պակասաւոր կամ ոչ բաւարար չափով տեղադրուած տեղեկութիւններու։
Պրն․ Վ․ Քոլլոքեան յայտնեց, որ AI-ի (Artificial Intelligence) գործածութեան որպէս արդիւնք, կարելի է ունենալ մտամոլորութիւն (hallucination), անորոշականութիւն (non-determinism), ներգիտակցութեան պակաս (lack of intuition), ծախս (cost), ելն․ եւ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց ընդգծելով, որ երբ երիտասարդութիւնը երկարատեւ յաճախականութեամբ զայն կ՛օգտագործէ, անզգալաբար կը դառնայ անոր գերին։
Իր խօսքի վերջին բաժնով, Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեան յայտնեց, որ ներկայիս մարդը մրցումի մէջ է մեքենային դէմ, եւ առանց մեքենաներուն հետ թշնամութիւն ունենալու, կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Եւ վերջապէս ան տեղեկացուց, որ AI-ը (Artificial Intelligence) կը գործէ մեծ ընկերութիւններու հովանիին տակ եւ անոնց «իշխանութեան» ներքեւ եւ անոր զարգացումը եւ յառաջդիմութիւնը արագընթաց կշռոյթով տեղի կ՚ունենան։
Դասախօսութեան աւարտին, ձեռնարկի հանդիսավար՝ ընկհ․ Նելլի Պարսեմեան շնորկալութիւն յայտնեց Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեանին, իր ներկայացուցած հետաքրքրական եւ ուսանելի դասախօսութեան համար։ Ապա, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ արտայայտուելու եւ իրենց հարցումները ուղղելու։ Դասախօսը, իր տուած պատասխաններուն ընդմէջէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց եւ կարգ մը լուսաբանութիւններ ներկայացուց։
Դասախօսական ձեռնարկի վերջին խօսքը տրուեցաւ Լաւալի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանի, որ շեշտը դրաւ մեր քրիստոնէական հաւատքը հաստատ հիմերու վրայ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ, ընդգծելով նաեւ մեր ընտանեկան եւ բարոյական արժէքները զօրացնելու կարեւորութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին, իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն՝ խորհրդաշական նուէր մը յանձնուեցաւ Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեանին։
Դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կատարուեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եւ ներկաները յաւելեալ առիթ ունեցան զրուցելու դասախօս՝ Պրն․ Վազգէն Քոլլոքեանին հետ։

    back