ARS Laval Shoushi Chapter Conference on Power of Media

Հաղորդամիջոցներու ազդեցութիւնը

 

ՀՕՄ-ի Լաւալի Շուշի մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակեր-պած լսարանը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 14-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պարոնեան սրահէն ներս, նիւթ ունենալով՝ «Հաղորդամիջոցներու ազդեցութիւնը (Power of Media)»։ Լսարանին կը մասնակցէին շուրջ 70 ՀՕՄ-ուհիներ եւ համակիրներ։

Լսարանի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկ.հի Ռիթա Պաղտա-սարեան։ Ընկ.հին շնորհակալութիւն յայտնեց լսարանի մասնակից երեք դասախօս-ներուն եւ ներկաներուն։ Ան ապա հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետ ընկ.հի Ալին Հատիտեանին, փոխանցելու իր սրտի խօսքը։

Ընկ.հին շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ դաստիարակ-չական յանձնախումբին, որոնք սեմինարներ կը կազմակերպեն հանրութեան համար, ինչպէս նաեւ մասնագէտ դասախօսներ կը բերեն մեր հերթական ժողովներու։ Ընկ.հին շեշտեց, թէ ՀՕՄ-ը միմիայն բարեսիրական միութիւն չէ, այլ նաեւ դպրոց, ուր հայ կնկան անհատականութիւնը կը կազմաւորուի։

Լսարանը կը բաղկանար երեք բաժիններէ.- Ա.- Ընկ.հի Թամար Շահինեանը ներկայացուց « Գրաւիչ արուեստը հաղորդումներ պատրաստելու» նիւթը։ Բ.- Ընկ.հի Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը ներկայացուց «Ինչպէս բնորոշել կեղծ լուրերը» նիւթը։ Գ.- Պրն. Ռաֆֆի Թահմիզեանը ներկայացուց «խմբագրութիւն (editing)» նիւթը։ Ընկ.հի Թամար իր փորձառութենէն մեկնելով, շատ հետաքրքրական ձեւով ներկա-յացուց հաղորդումներ պատրաստելու աշխատանքը, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն հետեւեալ կէտերը.- 1.- Յարաբերութիւն ( հաղորդավար, նկարիչ ) 2.- Ձեռնարկի հաստատում 3.- Գեղարուեստական յայտագրի բաժիններ 4.- Օրուան պատգամաբերի խօսք 5.- Հանդիսատեսներու արտայայտութիւններ 6.- Փոքր մանրամասնութիւններ 7.- Հարցազրոյցներու ժամանակ կեցուածք 8.- Արագաշարժութիւն 9.- Երաժշտութիւն

Ընկ.հին յատնեց, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստել հաղորդումները, որպէսզի գրաւիչ եւ հետաքրքրական ըլլան ունկնդրողին։ Ան իւրաքանչիւր կէտ բացատրեց , օրինակ-ներ բերելով ՀՕՄ-ի ձեռնարկներէն, որոնք ծանուցուած են «Հայ Հորիզոնէն»։ Ընկ.հիի ծաւալուն բացատրութիւններուն, մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկաները։

Երկրորդ դասախօսը՝ ընկ.հի Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան, մեծ հետաքրքրու-թիւն ստեղծեց իր նիւթով, որովհետեւ այս օրերուն այնքան տարածուած են կեղծ լուրերը եւ շատ դժուար է բնորոշել սուտը իրականէն։ Ընկ.հին յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակին կեղծիքը զարգացաւ երբ Donald Trump 2016-ին եկաւ իշխանութեան եւ իր ունեցած նիւթական կարողութիւնները ի գործ դրաւ կեղծ լուրերը տարածելով ի շահ իր նպատակներուն։ Կայ ապա տեղեկատոււութիւն եւ կայ կեղծ լուրեր։

Թէ ինչպէ՞ս կը տարածուին կեղծ լուրերը, կայ մարդկային գործօնը (բերնէ բերան կ՚ըլլայ գերան) եւ կայ այսօրուայ իրարու հետ հաղորդակցելու միջոցները։ Ընկ.հին խնդրեց ներկաներէն, որ երբ լուր մը կը լսենք, երթալ եւ քանի մը աղբիւրներէ ստուգել, տրամաբանել եւ ուշադիր դիտել նկարները։ Կան վստահելի կայքէջեր, որոնք կեղծ լուրեր չեն սփրեր։ Նկատի ունենալով, որ մենք փոքր ժողովուրդ ենք, պէտք է զգօն ըլլանք եւ չտարածենք կեղծ լուրերը։ Երրորդ դասախօսը՝ պրն.Ռաֆֆի Թահմիզեան, ընդհանուր կէտերու մէջ ներկա-յացուց, թէ ե՞րբ սկսած է «editing»ը եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ ունեցած է։ Սկսած է

1898-ին, երբ նկարները կը կտրէին, կը շարէին եւ քով քովի բերելով ֆիլմի կը վերածէին։ Այսօր շատ յառաջացած է այս գործողութիւնը համակարգիչներու շնորհիւ։ Հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ editor-ը մէկ բառ փոխելով լման ուղղութիւն մը կը փոխէ։ Editor-ը ուշադիր կ՚ըլլա footage-ներու մաքրութեան, զանոնք միասին կը բերէ եւ կը պատրաստէ ժողովուրդին ներկայացուելիքը։ Այս աշխատանքի տեւո-ղութիւնը կախեալ է ներկայացուած footage-ներէն, որքան աշխատանքի կը կարօտի եւ որքան մաքուր են այդ footage-ները։ Այս խիստ հետաքրքրական լսարանը սկսաւ ժամը 3:00-ին եւ վերջ գտաւ ժամը ժամը 6:00ին։ Ընկ.հի Ռիթա Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտնելով, իւրաքանչիւր դասախօսին, ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի անունով նուիրեց հայկական շիշ մը գինի, շատ գեղեցիկ գինիի հայկական ամաններու մէջ, պատրաստուած՝ ընկ.հի Ազգանոյշ Հատիտեանի կողմէ։

Լսարանին, նաեւ ունեցանք սուրճի եւ կարկանդակներու հիւրասիրութիւն, պատ-րաստուած դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։ Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն։

Դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ՝ Վրէժուհի Տէրվիշեան

 

    back