ARS Laval Shoushi Chapter Social Gathering

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութեան,  Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի “Պարոնեան” սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընկերային երեկոյ մը, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Լուսին Փալանճեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով  ՀՕՄ-ի անդամուհիներու, բարեկամներու եւ հիւրերու։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” վարչութեան ատենապետուհի`  ընկհ. Ալին Հատիտեանը։ Ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, բացատրեց նման ձեռնարկներու կազմակերպման նպատակը եւ կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային յանձնախումբի անդամներուն, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին ճաշի պատրաստութեան աշխատանքը եւ անոր բոլոր ծախսերը։

Համեղ ճաշի (ֆալաֆէլ) հիւրասիրութենէն ետք, բոլոր ներկաները առիթը ունեցան ուրախ ժամանակ անցընելու պինկոյի խաղով։ Օրուան
բախտաւորները նուէրներ ստացան։

Ճաշէն ետք, քաղցրեղէն հրամցուեցաւ բոլոր ներկաներուն, պատրաստուած եւ նուիրուած` ընկհ. Սոնա Գարայեանի կողմէ։
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, աշխուժ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս։ Այս երեկոն ջերմութիւն,  եռանդ եւ  ոգեւորութիւն սերմանեց բոլորին սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Նման երեկոներ, ամսական դրութեամբ պիտի կազմակերպուին Լաւալի Հայ Կեդրոնէն ներս։

Վարձքը կատար ընկերային յանձնախումբի անդամուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց  օժանդակութեամբ սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան։

ARS Laval Shoushi Chapter Excutives along with the Social Committee organized a wonderful evening of Falafel and Bingo on Feb 22, 2024 at the Baronian hall in Laval Community Center

We were graced wih the presence of ARS  Executive Board member Ung. Arminee Karapetian along with ARS Canada Executive members and ARS members and supporters.

Opening and Welcome remarks were made by President of Laval Shoushi Executive Ung. Aline Hadidian and added that this type of event will continue on a monthly basis and thanked the Social committee for their dedication and donating their time and financial burden of the event.

After a very tasty meal of Falafel sandwiches there was an amazing desert donated by Ung. Sona Karayan.

After a wonderful meal there was several games of bingo which created a very warm and cozy atmosphere among the guests and it was deemed a very successful event.

Vartkernit Gadar – Job well done

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

for additional photos :

https://www.facebook.com/photo?fbid=795611179250560&set=pcb.795612175917127

 

    back