ARS Laval Shoushi Chapter Walkathon June 2023

Քայլայշաւ 2023

 

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄ ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ , 3 Յունիս 2023-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղիս երրորդ քայլարշաւը մասնակցութեամբ 150 անդամներու եւ ՀՕՄ-ի բարեկամներու: Քայլարշաւի նպատակն էր դրամահաւաք՝ Հայաստանի Ախուրաեանի Մօր ու Մանկան կեդրոնի, Armand Frappier քաղցկեղի հետազօտման եւ Notes for Healing ծրագիրներուն համար

Մասնակցողները հաւաքուեցան Լաւալի հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս եւ ստացան քայլարշաւի նուիրատուներուն մակդիրները կրող շապիկներ։

Նախքան քայլարշաւի սկիզբը վարչութեան ատենապետ ընկհ. Նելլի Պարսեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն որոնք հաւատալով ՀՕՄ ի առաքելութեան միշտ նեցուկ կանգնած են անոր ծրագիրներու յաջողութեան: Ապա խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը քաղցկեղի պատառով մահացած հիւանդներուն համար:

Յաջորդաբար խօսք առին Գէպէքի խորհրդարանի անդամ Տիկ․Սօնա Լախոյեան եւ Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Տիկ․Ալին Տիպ որոնք գնահատեցին նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին քայլարշաւին։

Ապա Ս Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապիւ Տէր Յակոբ քահանայ Գէյադաեան իր օրհնութեամբ բարի երթ մաղթեց քայլարշաւի մասնակցողներուն։

Ընկհ. Նաթալի Կիրակոսեանի ցուցմունքներով խմբային մարզանք տեղի ունեցաւ ,որմէ ետք ժամը 9:30 քայլարշաւը սկիզբ առաւ Լաւալի Հայ Կեդրոնէն: Խումբը քալեց մինչեւ PARC BERNARD LANDRY եւ չորս քիլոմեթր արշաւելէ ետք յաղթական վերադարձաւ Լաւալի Հայ Կեդրոն ուր դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով, երգելով եւ պարելով ։

 

Ընկհ Նելլի Պարսեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն , որոնք ջանք չխնայեցին ձեռնակը յաջողութեամբ պսակելու եւ յայտարարեց սոյն քայլարշաւէն գոյացած գումարը 40,000 տոլար։ Ապա յաջորդաբար հրաւիրեց Mme Emile Boissonneaultը , Տիկ․ Փաթիլ Հարպոյեանը եւ ընկերուհի Լուսին Փալանճեանը իրենց յանձնելու խոստացուած վճարագրերը։

Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ Լուսին Փալանճեան խօսեցաւ Մօր ու Մանկան առողջապահական կեդրոնի եւ ծննդատան մասին, հակիրճ ձեւով ներկայացուց կեդրոնի գործունէութիւն, աշխատանքները եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ներկաները հիւրասիրուեցան յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած ճոխ հիւրասիրութեամբ։

Քայլարշաւի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։

 

The Laval Shoushi chapter organized its third annual walkathon on Saturday, June 3, 2023. With the aim of brining together ARS members and friends of ARS -150 participants collectively raised funds for three amazing charities. The Armand Frappier Foundation located in Laval, for breast cancer research by researcher Isabelle Plant. The Cedars Cancer Foundation, for the Healing Notes program which offers free concerts to cancer patients and to the ARS Akhuryan Mother and Child health and birthing center.

The participants gathered inside the perimeter of the Laval Armenian Community Center where they picked up their t-shirts bearing all the names of the sponsors for the walk. Before the start of the walk, President of Shoushi Laval Nelly Barsemian thanked all the participants who, believing in the mission of the ARS, always stand firmly to the success of its programs.

She then asked for a moment of silence in memory of those who have passed away from cancer.

Sona Lakhoyan member of Quebec national assembly and Alin Dib member of Laval municipality both spoke and appreciated the initiative and wished success to the walkers.

Pastor Rev. Father Hagop Gyadayan of Sourp Kevork Church whished the participants a safe walk and blessed the day.

After the formalities were over Nathalie Guirogossian got the walkers excited with a light warm up as the DJ raised the music and got everyone into the spirit of the day to start started the 5 km walk towards Park Bernard Landry.

The walk was a huge success raising over 40,000 dollars and counting. All three representatives of the charity groups were present to accept their donations and thanked the participants for their contribution and time.

The attendees were entertained with sumptuous hospitality prepared by the committee members and also got a chance to win some amazing prizes.

 

 

 

    back