ARS Laval Shoushi Chapter’s Annual Children’s Party with Taline and Friends
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղիս փոքրիկներու Կաղանդի յանձնախումբին, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին , Ս․ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս ելոյթ ունեցաւ փոքրիկներու երգերու մեկնաբան՝ Թալինը։
Մեծ թիւով ծնողներ իրենց զաւակներուն ընկերակցելով, ձեռնարկի առաջին վայրկեաններէն սկսեալ հասած էին սրահ, ամէն գնով ուրախացնելու եւ զուարճացնելու համար իրենց փոքրիկները։
Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ․ Թալին Տամիրճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Նոր տարուան սեմին՝ ջերմագին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց բոլորին։
Բեմին վրայ զետեղուած էին գոյնզգոյն փուչիկներ, ամանորեայ հրապուրիչ զարդարանքներ եւ գունաւոր լոյսերով տօնածառը։
Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, Թալինն ու իր ընկերները փոքրիկներուն ծանօթ երգերու ներկայացումով եւ 6 պարող երեխաներու ընկերակցութեամբ, մեծապէս ուրախացուցին սրահէն ներս գտնուող մանուկները եւ իրենց ծնողները։ Աւելի ուշ, Կաղանդ պապան սրահ մուտք գործելով, յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց։
Ձեռնարկի աւարտին, բոլոր փոքրիկներուն բաժնուեցան գեղեցիկ նուէրներ ։
Նաեւ փոքրիկներուն առիթ տրուեցաւ յիշատակի նկարներ ունենալու Թալինին, իր ընկերներուն եւ Կաղանդ պապային հետ։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած բծախնդրութեամբ պատրաստելու շատ համեղ անուշեղէններու, տեսակաւոր կրկնեփներու եւ խմորեղէններու վաճառքին համար յատկացուած կրպակ մը։ Այս բոլորը սիրայօժար կերպով պատրաստուած կամ տրամադրուած ՀՕՄ-ի անդամ ընկերուհիներու, բարեկամներու եւ նուիրատուներու կողմէ։
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին համար մեծ ուրախութիւն է ծրագրել եւ իրականացնել նման ձեռնարկներ, որոնք առիթ կու տան հայ փոքրիկներուն միասնաբար ուրախանալու եւ ոգեւորութեան պահեր ապրելու։
Վարձքը կատար՝ յանձնախումբի անդամներուն։ Շնորհիւ իրենց բծախնդիր, կազմակերպ, ժրաջան ու գնահատելի աշխատանքին, փոքրերու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նուիրատուներուն, ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութեամբ սատարեցին փոքրերու Կաղանդի ձեռնարկի յաջողութեան։