ARS Laval Shoushi Chapter’s Golden Age Committee Celebrates Easter 2023 with Mr. Faycal El-Khoury Liberal member of the House of Commons.

Ոսկեայ տարիք Յանձնախումբի Ձեռնարկ Երեքշաբթի 4 Ապրիլ 2023-04-21
Երեքշաբթի 04 Ապրիլ, 2023-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Ոսկեայ Տարիք
յանձնախունբի երկշաբաթուայ հանդիպումը։

Օրուայ ճաշը, որ բաց սեղան էր նուիրուած էր Գանատայի խորհրդարանի անդամ տիար Ֆայսալ
Ալ-խուրիին կողմէ։

Բարի գալուստի խօսքով բեմ բարձրացաւ «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Նելլի
Պարսեմեանը, ան հրաւիրեց Տէր հօր օրհնելու սեղանը, ապա ներկաները միասնաբար
արտեսանեցին հայր մերը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Ընկերուհի Նելլին շնորհակալութիւն
յայտնեց Պրն Ալ-Խուրիին իր առատաձեռն նուիրատուութեան եւ նեցուկին ապա մասնաճիւղին
կողմէ նուիրեց զատկուայ կողով մը հայկական մակնիշով անձեռոցներ, նուռի գծագրութեամբ
գաւաթներ եւ քաղցրենի։

Պրն Ալ Խուրին արտայայտուեցաւ թէ ինք շատ հարազատ կը՚զգայ ինքզինք այս միջավայրին մէջ
կարծես շրջապատուած ըլլար իր քոյրերով։

Ներկաները այնքան խանդավառ էին որ ընկերուհիներ՝ Մայտա Լափաճեան եւ Երան Պանգեան
սրտաբուխ երգեցին ինչպէս նաեւ ընկհ Արփի Պարսեմեան արաբերէնով շարական մը, իսկ ընկհ.
Վանուհի Թիթիզեան ասմունքեց։

Նոյն օրը կը զուգադիպէր տիկ. Կարինէ Սահակեանի տարեդարձին, այս առթիւ վարչութիւն եւ
յանձնախումբ անակընկալ տարեդարձ տօնեցին տիկ Սահակեանին, առ ի շնորհակալութիւն իր
տարած աշխատանքին։

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ երգի եւ պարի մթնոլորտով DJ Arek ի ընկերակցութեամբ։
Իսկապէս յիշատակելի օր մրն էր։

ընկերուհիներ ու համակիրներ բարձր տրամադրութիւններով վերադարձան իրենց տուները,
անհամբեր յաջորդ հանդիպման։

 

The Golden Age Committee of the Armenian Relief Society of Laval organized
its bi-weekly social lunch on Tuesday April 4 2023. The menu was an open
buffet donated by Mr. Faycal El-Khoury Liberal member of the House of
Commons.

There were more than 100 people gathered for this event. Ungh. Nelly
Hamalian, the president for ARS Shoushi Laval welcomed all and invited
Father Hagop to bless the table, and the Lord’s Prayer was recited in
Armenian and Arabic.

Ungh. Nelly took this opportunity to thank Mr. Faycal for his generous donation and his presence at
the event and his ongoing support and contribution to ARS Shoushi Laval as well as the Armenian Community.

The day was filled with lots of music, dancing and cheer as DJ Arek kept the
atmosphere of celebration and festivity for all to enjoy.

    back