ARS Laval Shoushi Laval Celebrates Christmas 2024

ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի “Պարոնեան” սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք, ներկայութեամբ մասնաճիւղիս մօտ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներու, ինչպէս նաեւ շատ մեծ թիւով ՀՕՄ-ի անդամուհիներու, բարեկամներու եւ հիւրերու։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Լաւալի “Շուշի” Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ` ընկհ. Հռիփսիկ Մէնէշեան։ Ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կը քաջարեն մեր ընկերային ձեռնարկները, մասնաւորաբար՝ բոլոր այն ճաշարաններուն, որոնք սիրայօժար կերպով նուիրած էին այս երեկոյի շատ ճոխ ճաշատեսակները։ Տօնական օրերու սեմին, ընկհ․ Հռիփսիկ նաեւ ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլորին։
Այս մտերմիկ եւ խանդավառ երեկոյին, շատ ճոխ եւ հարուստ սեղանը յարդարուած էր Նոր Տարուան յատուկ զարդարանքներով։
Հաւաքական աղօթքէն ետք, ներկաները համտեսեցին առատ, բազմատեսակ ու շատ համեղ ճաշատեսակներով լեցուն «բաց պիւֆէ»ն, որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Իսկ ձեռնարկի աւարտէն առաջ, հրամսուեցան նաեւ երկու տեսակ քաղցրեղէն եւ պտուղ։
Ընկերային երեկոյի ընթացքին, երկու հայաշունչ ոտանաւորներ արտասանեց Ս․ Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտ՝ փոքրիկն Տարօն Թիւֆէնքճեան, որու մեկնաբանութեան ընդմէջէն զգալի էր հայերէն լեզուի դասատուներու դերակատարութիւնը նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։
Այս խրախճանքի մթնոլորտը իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ ճոխացուցին երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան եւ DJ Արեգը։ Նժդեհը, իր մեկնաբանած ճոխ հայկական երգերով ոգեւորեց ներկաները, որոնք իրենց շուրջպարերով ջերմացուցին սրահէն ներս տիրող բարձր տրամադրութիւնը։
Աւելի ուշ, ժամանեց Կաղանդ մաման, որ ինք եւս մասնակցեցաւ շուրջպարերուն եւ շրջեցաւ սեղանները, նկարուելով բոլոր ներկաներուն հետ։
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ օրուան բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ։
ՀՕՄ-ը գիտակից իր առաքելութեան, ինչպէս միշտ այս ձեռնարկի ընդմէջէն եւս ձեռք երկարեց Սուրիահայ եւ Լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Տեղւոյն վրայ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝ նոյն նպատակին։
Տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։ Ներկաները բարի մաղթանքներով մեկնեցան սրահէն, 2025-ին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն` Original Basterma, Chef Kebab, PB Banquet, Karoun, Rouby, Chef RV եւ Grillades Yerevan։
Վարձքը կատար ընկերային յանձնախումբի անդամուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու այս գեղեցիկ եւ ջերմաշունչ երեկոն։ Վարձքը կատար նաեւ փոքրիկն՝ Տարօն Թիւֆէնքճեանին, երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեանին, DJ Արեգին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով օժանդակեցին Ամանորեայ այս խրախճանքի յաջողութեան։
Տօնական օրերու սեմին, մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք բոլորին։

    back