ARS Laval “Shoushi” Requiem Mass
Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, Լաւալի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի անդամ՝ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ննջեցեալներու յիշատակին։
Ներկայ էին մասնաճիւղիս մօտ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեան, մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ Լաւալի «Ս․ Զէյթլեան» Կոմիտէի, Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Մասնաճիւղիս կողմէ ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջնորդեցին ընկհ․ Շուշան Աճէմեան եւ իր դուստրը՝ ընկհ․ Արփի Աճէմեան։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները համախմբուեցան Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ վարչութեան կողմէ հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն՝ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն։ Այս առթիւ, մասնաճիւղիս անդամներէն՝ ընկհ․ Մարիա Ճէրէճեան, անուշեղէն նուիրած էր, իր հանգուցեալ մօր՝ ընկհ․ Վարդուհի Ալահվերտեանի յիշատակին։
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ․ Ալին Հատիտեան, խօսք առնելով, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն ննջեցեալ անդամուհիներուն, որոնք հաւատացած են ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ իրենց ներդրումը ունեցած անոր ծրագիրներու իրականացման։
Ապա, Լաւալի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեան կատարեց հոգեճաշի օրհնութիւնը, որ հրամցուեցաւ բոլոր ներկաներուն։ Հոգեճաշը նուիրուած էր ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեանի կողմէ եւ պատրաստուած՝ ընկերուհիներ Տիգրանուհի Գէորգեանի եւ Ռիթա Էքմէքճեանի կողմէ։
Յարգանք՝ մեր բոլոր ննջեցեալ ընկերուհիներու յիշատակին, որոնք ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ, բոլորանուէր սիրով եւ անձնուիրութեամբ ծառայած են կանացի մեր մեծ կազմակերպութեան։