ARS Laval Shoushi Requiem Service

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի Ոսկեայ Տարիք Յանձնախումբի երկշաբաթական ճաշ հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի Մայիս 17 2022-ին ներկայութեամբ 50-ի մօտ անդամներու եւ համակիրներու։ Յանձնախումբի անդամները ինչպէս միշտ ճիք չէին խնամած ձեռնարկի յաջողութեան․ճաշը խաշ խաշ քէպապ, փիլաւ, աղցան եւ անուշեղէն նուիրուած էր ընկհ․ Աստղիկ Տալտալեանի կողմէ իր մօր վաստակաւոր ՀՕՄուհի եւ մասնաճիւղիս անդամ ընկհ․ Ատէլ Տալտալեանի յիշատակին։ Ճաշէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան ընկհ․ Մարի Չըրչեանի պատրաստած համեղ Սրբ․ Սարգիսի հէլուան եւ մաամուլը։ Մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ․ Ֆլօրա Կիրակոսեան 25-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ յանձնեց ընկհ․ Արփի Քիւփէլեանին եւ վարչութեան անունով շնորհաւորեց ընկերուհիին իր երկարամեայ անդամակցութեան եւ ծառայութեան համար․ Ընկհ․ ատենապետուհին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ միշտ կը քաջալերեն Ոսկեայ Տարիք յանձնախումբի կազմակերպած ճաշ հաւաքոյթները, գնահատեց յանձնախումբի անդամներուն զոհողութիւննն ու անսակարկ նուրումը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկհ․ Աստղիկ Տալտալեանի ճաշի ծախսը ստանցելուն համար։

Ներկաները անգամ մը եւս մէկական վարդ ստացան ընկհ․ Տալտալեանի կողմէ նշելու համար Մայրերու Տօնը։ Բոլորն ալ շատ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան վերստին տեսնուելու խոստումներով։ Վարձքը կատար մեր բոլոր ժրաջան անդամներուն եւ շնորհակալութիւն իրենց տարած հսկայական աշխատանքին։

 

Ցիշատակնին մնայ անդարամ
Requiem service for our departed ARS members, founders and benefactors held today, February 27th 2022 at Sourp Kevork church.

    back