ARS Mississauga Arakast Chapter Celebrates ARS Day 2023

Միսսիսոկայի ”Առագաստ” մասնաճիւղի ընթացիկ տարուայ Հ.Օ.Մ.ի Օրուայ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 12 Մայիս 2023-ին, անդամուհիի մը տղուն շէնքի հաւաքոյթի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 25 հոգիներու՝ բաղկացած անդամուհիներէ եւ իրենց ամուսիններէն: Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները ունեցան վայելքի պահեր:

 

Նա:աձեռնութեան ներկայ էր Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Իռեն Թիլեմի որ հակիրճ տեղեկութիւն մը տուաւ Հ.Օ.Մ.-ի վերջին գործունէութիւններուն մասին եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղը անոր 32րդ տարեդարձին առիթով:

 

Հետեւեալ ընկերուհիներ ստացան իրենց 15 տարուայ անդամակցութեան զարդասեղները:-

 

Ռոզիկ Իսաղուլեան

Շաքէ Աղազարեան

Լիլիան Սարեան

Աննիկ Աղազարեան

Ակնէս Սարվարեան

Ասիկ Շահմիրեան

Ալինա Զէլիմխանեան

Ալենուշ Մատիքեան

 

Թէեւ փոքր մասնաճիւղ մըն ենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, բայց մեր լաւագոյնը կ’ընենք իրականացնելու մեր նուիրական միութեան ծրագիրները եւ քաջալերել անոր նախաձեռնութիւնները

 

    back