ARS Montreal and Laval Chapters Celebrate New Years 2025

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, 9 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի միացեալ ձեռնարկը։
Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ․ Լուսին Փալանճեան, Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու անդամ ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր։
Սրահէն ներս կը տիրէր տօնական մթնոլորտ եւ սեղանները յարդարուած էին Նոր Տարուան յատուկ զարդարանքներով եւ չիր ու չամիչով։
Ձեռնարկի հանդիսավարներն էին ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ՝ ընկհ․ Սիլվի Մերճանեան, իսկ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին կողմէ՝ ընկհ․ Դալար Մալոյեան։
Առաջին հերթին, երկու ընկերուհիները Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի առթիւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին բոլորին։ Ապա, հրաւիրեցին ներկաները ճաշակելու այս երեկոյի առատ եւ բազմատեսակ ճաշատեսակներով լեցուն «բաց պիւֆէ»ն, համեղօրէն պատրաստուած բոլորին ծանօթ «Շէֆ Րաֆֆի»ին կողմէ։
Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք, կատարուեցան հաւաքական խաղեր, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս։ Օրուան յաղթող մասնակիցներուն նուէրներ եւս յանձնուեցան։
Ամանորի միացեալ ձեռնարկի մթնոլորտը ճոխացուց DJ Արեգը։ Հայկական խանդավառ երգերու եւ եղանակներու հնչիւններուն ներքոյ, ներկաները իրենց շուրջպարերով ջերմացուցին սրահէն ներս տիրող բարձր տրամադրութիւնը։
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ օրուան բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ։
Միացեալ խրախճանքի աւարտին, կատարուեցաւ աւանդական կարկանդակի հատումը՝ մասնակցութեամբ Մոնթրէալէն ընկերուհիներ՝ Լուսին Փալանճեանի, Սօսի Պետրոսեանի եւ Մայտա Գափրիէլեանի եւ Լաւալէն ընկերուհիներ՝ Աստղիկ Խաշընձեանի, Սեդա Թօփուզեան Գուշեանի եւ Տալիտա Պայլէօզեանի։ Զոյգ մասնաճիւղերու անունով խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիղի ատենապետուհի՝ ընկհ․ Ալին Հատիտեան։ Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի տօներուն առիթով, լաւագոյն բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլոր ներկաներուն։
Երկու մասնաճիւղերուն կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։
Տօնական ուրախ մթթնոլորտի մէջ Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու Ամանորի խրախճանքը հասաւ իր աւարտին։ Ներկաները բարի մաղթանքներով մեկնեցան սրահէն։

    back