ARS Montreal Social Committee Celebrates Father’s Day

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Երեքշաբթի, 20 Յունիս, 2023-ին տեղի ունեցաւ
«Հայրերու Տօն»ին նուիրուած ճաշկերոյթ մը , Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս: Ներկայութեամբ ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Օրուայ ճաշը նուիրուած էր ընկերուհի Գաթրին Իսթամպուլեան Գլընճեանի կողմէ, իր հարազատներուն ի յիշատակ:

Ներկաները վայելեցին յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշերը՝ Սու Պէօրէկ եւ աղցան, իսկ անուշեղէնը ձմերուկ:

Հայրերու Տօնին առթիւ, ընկերուհի Երան Պանգեան, արի գնահատանք յուշանուէր մը յանձնեց պարոն Կարպիս Գաբրիէլեանին, որ աւելի քան երեսուն տարիներ, իր ներկայութեամբ միշտ քաջալերած է ընկերայինի բոլոր ձեռնարկները նաեւ պարոն Վարդգէս Քիւբէլեանին, որ յաճախ քաջալերած է մեր ձեռնարկները իր ներկայութեամբ եւ ասմունքներով ճոխացուցած գեղարուեստական յայտագրերը։

Ընկերուհի Երան Պանգեանի նախաձեռնութեամ ներկայացուեցաւ զաւեշտ մը, կատարողութեամբ ընկերուհիներ՝ Հելէն Թոնիգեանի, Սօսի Պետրոսեանի, Մարի Եագուպեանի, Սիրուն Ներսէսեանի եւ Երան Պանգեանի:

Ապա պարոն Վարդգէս Քիւբէլեան եւ ընկերուհի Վարդի Դանիէլեան ասմունքեցին, իսկ ընկերուհի Երան մեներգեց:

Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան եւ քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայէր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն:

 

 

 

 

 

 

 

 

    back