ARS Montreal Sosse Chapter Annual Apple Picking

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը Չորեքշաբթի 16 Սեպտեմբեր, 2026ին, կազմակերպեց խնձորաքաղի պտոյտ մը։
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին մասնակիցները Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն փոխադրակառքով ուղղուեցան դէպի խնձորի այգի, ապա ճաշարան:
Յանձնախումբի փոխ պատասխանատու ընկհ.Լենա Փափազեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան եւ ճշդապահութեան համար։ Տէրունական աղօթքէն ետք բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ անուշ սուճուխ՝ նուիրուած ընկհ. Զեփիւռ Նէրսեսեանի կողմէ եւ շաքար՝ նուիրուած Տիկ. Ալիծ Անտոնեաի կողմէ:
Անմիջապէս այգին հասանելէ ետք բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ Հայկական սուրճ եւ աղի կրկնեփիւկ՝ նուիուած Ընկհ. Մարօ Վահէճեանի կողմէ եւ շաքարով պիստակ՝ նուիրուած Զուարթ Այվազեանի կողմէ:
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն:
Ներկաները շատ հաճելի օր մը անցնելէ ետք գոհունակ սրտով եւ շնորհակալական ու գնահատանգի խօսքեր ուղղելով ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձանք Հայ կեդրոն։
Վարձքը կատար յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայեր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն:

    back
Secret Link