ARS Montreal Sosse Chapter Celebrates “VARTANANTS”
Դարերէ ի վեր Հայութիւնը ամէնուրէք կը նշէ Վարդանանց Պատերազմի նահատակներու յիշատակը, որոնք Աւարայրի դաշտին մէջ, Տղմուտ գետի ափին նահատակուեցան իրենց ազգին ու հաւատքին համար ,հաւատալով, որ Մահ ոչ իմացեալ մահ է, Մահ իմացեալ անմահութիւն է:Այդպէս հաւատացին նաեւ Արցախի մեր հերոսները, հայրենիքի եւ հայ դատի համար զոհուած մեր բոլոր հերոս կտրիճները:
Այս առթիւ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը առցանց Վարդանանց Տօնակատարութիւն մը կազմակերպեց, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան: Ձեռնարկին մասնակցած էին 45 ակնտեսներ, որոնց կարգին Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ քհն. Գոյունեան: Օրուան դասախօսն էր՝ Կորիւն Գոյունեան, որ ներկայացուց «Հայ Ինքնութեան Իրավիճակը Վարդանանց Պատերազնէն Ետք»:
Ձեռնարկը սկսաւ «Տաղեր արական առցանց երգչախումբ»-ի մեկնաբանութեամբ (Հիմի էլ լռենք եւ Կռունկ) երգերու տեսաերիզով, որմէ ետք յանձնախումբի անդամ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ակնտեսներուն եւ հակիրճ բացատրողական մը ներկայացուց այս իւրայատուկ երգչախումբի կազմութեան եւ անդամներուն մասին, որ մտայղացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան Գարեգին Վրդ․ Շխրտըմեանի՝ այժմ կը ծառայէ որպէս հովիւ Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս, Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արուեստագիտութեան միջոցները օգտագործելով հայ երգն ու երաժշտութիւն սիրող այս երիտասարդները քով քովի կու գան Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Գանատայի զանազան շրջաններէն, որոնք նախապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբին անդամ եղած են, առաջնորդութեամբ նոյն խմբավարին՝ Գարեգին Վրդ. Շխըրտմեանի։
Ապա յանձնախումբի անդամ ընկհ. Անի Սերոբեան ներկայացուց դասախօս՝ Կորիւն Գոյունեանի կենսագրականը եւ զայն հրաւիրեց նիւթի մատուցման: Կորիւն վկայուած է Concordia համալսարանէն Bachelor of arts in political science եւ diplome in Journalism վկայականներով եւ կ’աշխատի նոյն մարզերէն ներս:
Դասախօսը շատ հետաքրքրական ձեւով սկսաւ իր նիւթի մատուցումը, երբ Աւարայրի դաշտին տեսաերիզը ցուցադրեց : Ան պարզօրէն ներկայացուց, թէ ինչպէս Վարդանանց պատերազը եւ մեր պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմները միայն նիւթական յաղթանակներ կամ պարտութիւններ չէ որ արձանագրած են մեր պատմութեան էջերուն վրայ, այլ անոնք յատուկ դրոշմ եւ ազդեցութիւն ունեցած են Հայ ինքնութեան վրայ եւ փոխանցուած սերունդէ սերունդ սփիւռքի մէջ: Դասախօսութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու: Ձեռնարկի աւարտին ընկհ. Տիրուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին եւ ակնտեսներուն իրենց մասնակցութեան եւ քաջալերանքին համար: Ապա, մասնակցողները անգամ մը եւս ունկնդրեցին «Տաղեր արական առցանց երգչախումբ»ի ( Ժողովրդական երգերու փունջ) տեսաերիզը:
back