ARS Montreal Sosse Chapter Chapter Security event

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած «Համացանցային Ապահովութիւն» խորագրով դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ առցանց, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ, 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00- ին։

Այժմէական այս նիւթը ներկայացուց պրն. Կարի Թոքաթլեան, որ սիրայօժար ընդունած էր յանձնախումբին խնդրանքը՝ ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու համացանցի գործածութեան ապահով միջոցները: Դասախօսութեան, որ բաց էր հանրութեան, հետեւեցան 45 մասնակիցներ։

Յանձնախումբի պատասխանատու՝ ընկհ Տանիէլ Ճերահեան ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք պրն.Կարի Թոքաթլեան յստակօրէն օրինակներով եւ պատկերներով բացատրեց նիւթը:

Դասախօսութեան աւարտին պրն. Թոքաթլեան սպառիչ կերպով պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն:

 

A presentation, entitled “Cyber Security,” organized by the ARS Montreal «Sosse»Chapter’s Education Committee, took place online April 28 at 8:00 pm. The speaker was Mr. Gary Tokatlian, who gladly accepted our committee’s request to present this subject. The event was open to public, and 45 participants were present.

On behalf of the committee Danielle Jerajian read the lecturer’s biography and then let him take over.

Mr. Tokatlian used clear illustrations and presented a number of helpful tips on cyber security, citing various examples. At the end of the lecture Mr. Tokatlian answered several questions from the participants.

    back