ARS Montreal Sosse Chapter Feb 27 Requiem Mass

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հոգեհանգստեան թղթակցութիւն

Կիրակի, 27 Փետրուար, 2022-ին յաւարտ Ս. Պատարագին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան բարերարներուն եւ ողբացեալ անդամներու հոգւոյն յիշատակին: Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Անի Օհանեան, Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիները եւ անդամաներ:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը նշեց նաեւ Մարտ 2021-էն Փետրուար 2022 մահացած հետեւեալ ընկերուհիներու յիշատակը՝ Մաքրուհի Զուրիկեան Օլթաճեան, Մէրի Սիլվանեան Վարդանեան, Շուշանիկ Էհրամճեան Փիլիկեան, Պէաթրիս Արսլանեան, Վանուհի Իսաջանեան, Սիլվա Էմեան Նաճարեան եւ Ովսաննա Էկիւլեան Մանուկեան:

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր քարոզին մէջ յիշեց, թէ՝ ՀՕՄ-ը իր կազմութեան օրէն ունեցած է ողորմութեան առաքելութիւնը: Ան ի սփիւռս աշխարհի եւ յատկապէս մեր սիրելի հայրենիքին մէջ, յարատեւ նեցուկ կը կանգնի բոլոր կարիքաւորնեորւն, վիրաւոր զինուորին, որբացած հայ մանուկին եւ աքսորուած ընտանիքներուն: Յիշելով ու յարգելով նաեւ իր ողբացեալ բարերաներն ու անդամները:

Նախքան հոգեհանգստեան պաշտօնը, վարչութեան կողմէ պատրաստուած սրտաձեւ ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջնորդեցին ընկերուհիներ՝ Քրիստին Տաղաւարեան եւ Սօսի Պետրոսեան:

Արարողութեան աւարտին, բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ անհատապէս փաթուած չէօրէկ, պատրաստուած եւ նուիրուած հետեւեալ ընկերուհիներուն կողմէ՝ Հայկօ Նահապետեան, Ռիթա Օհանեան, Անի Գուլայեան եւ Սալբի Պաքլայեան:

Թող բոլոր ննջեցեալ ընկերուհիներուն եւ բարերարներուն հոգիները ննջեն խաղաղութեամբ:

    back