ARS Montreal Sosse Chapter’s Memorial Service for the Departed

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ Մասնաճիւղի

Հոգեհանգստեան թղթակցութիւն

Կիրակի Փետրուար 26, 2023-ին յաւարտ Ս. Պատարագին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան բարերարներուն եւ ննջեցեալ անդամներու հոգւոյն յիշատակին: Ներկայ էր Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան Հոգեւոր Տեսուչ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ:Պատարագը մատուցեց Արժանապատիւ՝ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ:

Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ. Արմինէ Կարապէտեան, Գանատայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Լուսին Փալանճեան, Գանատայի Շրջ. վարչութեան անդամուհիներ Արփի Սանոսեան եւ Վալերին Յարութիւնեան, Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ եւ անդամաներ:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը նշեց նաեւ Մարտ 2022-էն Փետրուար 2023-ի մահացած հետեւեալ ընկերուհիներու յիշատակը՝Շաքէ Ստեփանեան,Ծիա Հացագործեան,Գոհար Փայլաքեան եւ Արփինէ Չէրքեզեան: (Ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ պատահած աղետալի երկրաշարժի պատճառով զոհուածներու հոգիներուն:)

Արժանապատիւ՝ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան յիշեց Գարեգին ԿաթողիկոսՍարգիսեանի մէկ գրութիւնէն միտք մը որ կ’ըսէ,«Մեծ պահքը ունի նաեւ ընկերային տարածք եւ նկարագիր: Ուրիշին ցաւը մեղմացնելու լայն բանալին է, որովհետեւ սիրոյ ճառագայթումն է: Ամէն մէկուն մէջ բարի Սամարացի մը պէտք է միշտ ներկայ ըլլայ: Տէր Գառնիկ աւելցուց, «Արդարեւ ոչ թէ միայն ամէն մէկ անհատի մէջ, այլեւ ամէն մէկ կազմակերպութեան մէջ բարի Սամարացի մը պէտք է ըլլայ, մանաւանդ այս ճգնաժամային ժամանակներուն: Իւրաքանչիւր հայ կազմակերպութիւն պէտք է գործոն պահէ իր ներքին բարի սամարացին նամանաւանդ այս ահաւոր օրերուն օգտակար դառնալու համար մեր հայրենիքի եւ Սփիւռքի կարիքներուն: ՀՕՄ-ը ընդհանրապէս խորհուրդով, խօսքով եւ գործով բարի Սամարացիութիւնն է: ՀՕՄ-ի առաքելութեան մէջ կը տեսնեմ երկնային շնորհքի յայտնակերպումը: Այդ երկնաւոր շնորհքը մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն համար որպէս օրինակ կրնայ ծառայել:»

Նախքան հոգեհանգստեան պաշտօնը, վարչութեան կողմէ պատրաստուած ծաղկեպսակը դէպի գաւիթ առաջնորդեցին ընկերուհիներ՝ Անի Ճերահեան եւ Նանոր Շիրինեան:

Արարողութեան աւարտին, Ա.Ահարոնեան սրահէն ներս բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ անհատապէս փաթուած չէօրէկ, պատրաստուած եւ նուիրուած հետեւեալ ընկերուհիներուն կողմէ՝ Հայկօ Նահապետեան, Ռիթա Օհանեան, Մայտա Գաբրիէլեան:

Թող բոլոր ննջեցեալ ընկերուհիներուն եւ բարերարներուն հոգիները ննջեն խաղաղութեամբ

    back