ARS Montreal Sosse Chapter’s Social Committee Celebrates Easter

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ, 2023ին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Ս.Յարութեան Տօնին առթիւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս:

Ներկաները վայելեցին յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշերը՝ Խորոված, Բրինցով Փիլաւ, Աղցան, իսկ անուշեղէնը Ղուրապիէ.Սուրճին հետ հրամցուցուեցաւ նաեւ Չէօրէկ:

Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական հաւկթախաղ, որուն յաղթական հանդիսացաւ Տիկին Մարի Լիպարեան, ապա ներկաները խաղցան պահուած հաւկիթի խաղը, որուն յաղթական հանդիսացաւ Տիկին Զեփիւռ Ներսէսեան։Երկու յաղթական տիկինները ստացան նուէրներ:

Ճաշէն ետք հրաւիրեցինք ընկերուհի Լիւսի Ալեքսանեան, որ ասմունքէ, իսկ ընկերուհի Երան Պանգեան մեներգեց:
Ներկաները շատ ուրախ օր մը անցնելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները, դարցեալ զիրար հանդիպելու միտումով:

Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան եւ քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայէր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն:

 

 

    back