ARS Montreal Sosse Chapter’s Social Committee Celebrates Mothers’ Day

 

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 9 Մայիս, 2023ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու Տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ մը , Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս: Ներկայութեամբ 110 ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
Ընկհ. Երան Պանգեան իր բացման խօսքով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին Մայրերու տօնը :
Սոյն ձեռարկին հրաւիրուած էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ հոգեւոր հայրեր: Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալէ ետք, շնորհաւորեց Մայրերու տօնը եւ բարձր գնահատեց ընկերային յանձնախումբի տարած բացառիկ աշխատանքը:
Յաջորդաբար խօսք առաւ մասնաճիւղիս ատենապետուհի ընկերուհի Հուրի Զաքարեան.Ան շնորհաւորելէ ետք Մայրերու Տօնը յայտարարեց, թէ այս ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր և Մանկան առողջապահական կեդրոնին, որ բացառիկ ծառայութիւն կը տրամադրէ Ախուրեանի եւ շրջակայ աւաններու եւ գիւղերու բնակիչներուն:
Ընկհ. Երան Պանգեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհի Ալիս Մարգարեանին, որ տարիներէ ի վեր կը հովանաւորէ Մայրերու տօնի նուիրուած ճաշկերոյթը իր հարազատներուն յիշատակին, ապա յուշանուէր մը յանձնեց անոր իր ձեռքով պատրաստուած:
Ձեռնարկին 7 Մայրեր մեծարուեցան եւ անոնց յանձնուեցաւ յուշատախտակներ.Ընկերուհի Մարի Եագուպեանի, Տիկիններ՝ Զեփիւռ Ներսէսեանի, Մարի Վահէճեանի, Անի Տէր Շահինեանի, Աստղիկ Էսմէրեանի, Մարի Լիպարեանի եւ Մարի Սառեանի:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց ասմունգներ եւ մեներգներ:
Յատուկ շնորհակալութիւն ընկհ.Արաքսի Ֆերմանեանին՝ մեխակները նուիրելուն համար, որոնք բաժնուեցան բոլոր Մայրերուն:
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:
Ներկաները վայելեցին յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշերը՝ Շերտամիս սունկով, բրինձ փիլաւ, խառն բանջարեղէն եւ աղցան, իսկ անուշեղէնը պէննարէն ( գունէֆէ գրէմով), իսկ առաւօտեան ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ արմաւով կրկնեփուկներով՝ նուիրուած ընկհ. Հելէն Թոնիգեանի կողմէ:
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայէր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն:

 

 

https://fb.watch/lkgGgoHL5O/

https://fb.watch/lkgD_kVhuu/

    back